Ցանկալիէն Դէպի Իրագործուող Հայաստան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներու նոյնացման փորձի ընթացքին անպայման պէտք է նկատի ունենալ առաջինին եւ երկրորդ-երրորդին որդեգրած արտաքին քաղաքականութիւնը` թէ՛ Արցախի հարցով եւ թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային առաջադրանքով, հիմնական եւ փաստացի տարբերութիւններուն:

ԽՄԲ.

Հայ ժողովուրդը երկար դարեր տառապած ժողովուրդ եղած է. Հայաստանը գտնուելով օսմանեան եւ ռուսական հզօր կայսրութիւններու անխուսափելի քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւններու տակ` երկար ժամանակ կորսնցուցած է իր ոչ միայն քաղաքական ու տնտեսական անկախութիւնը, այլ վերածուած է ստրկացած հաւաքականութեան, զրկուած` ազգօրէն բնական ձեւով ապրելու եւ զարգանալու ամենատարրական իրաւունքներէն:

Բաւական երկար ժամանակ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ այս իրավիճակին մէջ, ենթակայ` տարբեր տեսակի հալածանքներու ու ճնշումներու:

Այս տառապանքները հասան այն աստիճանի, որ հասարակական կեանքի բնական օրինաչափութեամբ աստիճանաբար ստեղծեցին հակազդեցութիւններ, որոնք որոշ զարգացումներէ ետք յանգեցան հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին:

Հայ ժողովուրդի ծոցին մէջ սկսաւ եռալ ազգային, պայքարի գաղափարական մթնոլորտը,  ստեղծուեցան շարժումներ, բջիջներ: Հայ ժողովուրդը ծնաւ գաղափարական մեծ ու խիզախ գործիչներ, որոնք պատրաստ էին իրենց կեանքը զոհելու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին:

Այս ընթացքի բնական պսակումը եղաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծումը` հիմնական նպատակ ունենալով հայ ժողովուրդի ընդհանուր ազատագրումը եւ յանգնելու ազատ ու անկախ Հայաստանի ստեղծման: Այս ընթացքի հոլովոյթը ծանօթ է բոլորիս` ազատագրական կռիւ, Ցեղասպանութիւն եւ բռնի տեղահանութիւն եւ սփիւռքի ստեղծում, Հայաստանի անկախութիւն, ապա Խորհրդային Հայաստան, կրկին անկախութիւն եւ ներկան:

Ներկայ մը, որ արդիւնքը եւ հետեւանքը եղաւ հայ ժողովուրդի բազում տառապանքներուն, մէկ կողմէ նոր կազմաւորուած սփիւռքահայութիւնը`  հայապահպանման եւ ազգային հաւաքականութեան ձեւաւորման բազում խնդիրներով, յատկապէս Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներու որպէս հայ համայնքներու բարեկեցիկ հանգրուանի թեւակոխումը, ապա` աստիճանական տկարացումը, հետեւանքը` այս շրջաններու (Միջին Արեւելքի) ապրած քաղաքական` եւ ապահովական անկայուն վիճակին, որ իր կարգին պատճառ դարձաւ հայ ժողովուրդին նոր հոսքին` աւելի ապահով նկատուած դէպի արեւմուտքը:

Հայաստանի ժողովուրդը իր կարգին ապրեցաւ մեծ դժուարութիւններ` գոյատեւման տարբեր փուլերուն:

Առաջին հանրապետութեան կորուստէն ետք վրայ հասաւ խորհրդային ժամանակաշրջանը` իր դրական եւ ժխտական երեսներով, շատ մեծ դժուարութիւններէ ետք տնտեսական մշակութային ու ազգային գետնի վրայ, ընդհանուր Խորհրդային Միութեան կազմութեան հետ ձեւ ու կերպարանք ստացաւ Խորհրդային Հայաստանը` այս կայսրութեան եւ մեր պետութեան յատուկ արժեչափերով:

Խորհրդային ժամանակաշրջանը յատկանշուած այս կայսրութեան յատուկ, ազգային ինքնութեան հետ կապուած գաղափարական մեծ տագնապներով ընդհանրապէս խորհրդային բոլոր ժողովուրդներուն, նաեւ հայութեան համար` իրենց անխուսափելի դրական եւ ժխտական ճակատագրական հետեւանքներով:

Բ. համաշխարհային պատերազմը` հարիւր հազարաւոր հայ զոհեր, ներգաղթ` խորհրդային տիպի ապրելակերպ գաղափարական ազգային տնտեսական եւ մշակութային իրավիճակի լոյսին տակ:

Պէտք է նաեւ հաստատել, որ նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանն ու հայութիւնը զարգացման նոր փուլ թեւակոխեցին: Այս շրջանին է, որ մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեց Հայաստանը` մշակութային, կրթական եւ այլ բնագաւառներու մէջ, օգտուելով գերպետութեան մը մաս կազմած ըլլալու առաւելութիւններէն, առանց մտահան ընելու մեր ժողովուրդի ընդունակ եւ տաղանդաւոր ըլլալու յատկութիւնները:

Հասանք Խորհրդային Միութեան փլուզման հանգրուանը, եւ ի շարս այլ խորհրդային երկիրներու` Հայաստան անցաւ վերանկախացման նոր փուլ, դժուար եւ խառն քաղաքական եւ տնտեսական ժամանակաշրջան:

Արդէն պատահած էր աղէտալի 1988-ի մեծ երկրաշարժը` իր ծանր հետեւանքներով:

Այս աղէտին հետ միաժամանակ կը սկսէր արցախեան գոյամարտը, սկզբնական պահանջատիրական ցոյցեր, բողոքներ, ապա զինուորական առճակատում` նախնական միջոցներով, աւելի ուշ վերածուելու համար ամբողջական պատերազմի: Օրհասի եւ ճգնաժամի տարիներ, երբ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւն մը կ՛արձանագրուէր բառին ամբողջական իմաստով, ամբողջ ազգը կը գօտեպնդուէր Հայաստանով Արցախով եւ սփիւռքով:

Այս խառնիճաղանճ կացութեան մէջ է, որ ձեւաւորուեցան Հայաստանի թէ Արցախի պետականութիւնները` ուր կային քաղաքական անորոշութիւնները, ի դէմս նոր կազմալուծուող Խորհրդային Միութեան: Անկախ պետականութեան նոր ըմբռնողութիւնը տակաւին կը գտնուէր սաղմնային վիճակին մէջ, նոր կը ձեւաւորուէին` սահմանադրութիւն, հռչակագիր, անկախութեան ամրագրում, ժողովրդավար հասկացողութիւն` իր մանրամասն արտայայտութիւններով:

Հայաստանի մէջ կը ստեղծուէր  տնտեսական ահաւոր վիճակ: Պետական անփորձ նոր դրութիւնը, պատերազմը, Հայաստանի շրջափակումը գրեթէ անկարելի կը դարձնէին հայ մարդուն գոյատեւումը իր հայրենիքին մէջ:

Վերոնշեալ իրողութիւնները իրենց առարկայականութեամբ եւ չոր իրականութեամբ բնական եւ անխուսափելի էին նման կացութեան մէջ գտնուող որեւէ երկրի եւ ժողովուրդի համար:

Սակայն անընդունելին եւ դատապարտելին Հայաստանի եւ առհասարակ քաղաքական դաշտը ղեկավարող ուժերու նուազագոյնը վատ դերակատարութիւնն էր այս իրավիճակին մէջ:

Հոս է, որ Հայաստանի անկախութեան սկզբնական, առաջին օրերէ սկսած, իշխանութիւնները, որոնք կը բնորոշուէին Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Սերժ Սարգիսեան եւ Ռոպէրթ Քոչարեան եռեակով, Հայաստանի մէջ տիրող վիճակը վատագոյնի հասցուցին:

Ճիշդ է, չէ՞, որ առաջին իսկ օրերէն Հայաստանի մէջ տիրապետող եղան թալանը, կողոպուտն ու ընտրակեղծիքը եւ իշխանութիւններու անձնականացումը:

Ճիշդ է, չէ՞, որ հայ ժողովուրդը, որ աշխատասէր, ձեռներէց եւ տաղանդաւոր ու մշակոյթի տէր է, նկատուեցաւ նախիր ու առուծախի ենթակայ: Փաստօրէն այդ խեղճ ու ամուլ նկատուած ընտիր հայերը, երբ դուրս եկան իրենց նեխած միջավայրէն, շատ կարճ ժամանակի մէջ  իրենք զիրենք կերտեցին բնական պայմաններու մէջ, օտար ափերու վրայ:

Ճիշդ է, չէ՞, որ աւելի քան հարիւր եւ աւելի տարիներ տառապած հայ մարդը, Ցեղասպանութիւն եւ խորհրդային սահմռկեցուցիչ կարգեր ճաշակած հայ մարդը իրաւունք ունէր բնական ձեւով ու մարդկայնօրէն ապրելու, աշխատելու ու ստեղծագործելու իր հայրենիքին մէջ:

Ճիշդ է, չէ՞, որ նորանկախ Հայաստանէն աւելի քան մէկ միլիոն ու աւելի հայեր արտագաղթեցին` Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական ու տնտեսական վատ պայմաններուն պատճառով:

Հաւանաբար պէտք է երեւակայել, օրինակ, Ֆրանսայի կամ Իտալիոյ ժողովուրդին շուրջ կէսը եթէ արտագաղթած ըլլար. շուրջ երեսուն միլիոն հոգի:

Ճիշդ է, չէ՞, որ շատ յաճախ բոլոր անոնք, որոնք այս ապիկարութիւնները մատնանշեցին եւ իտէալ հայրենքի մասին խօսեցան, նկատուեցան երազայիններ, անիրապաշտներ, քաղաքականօրէն տհասներ, եւ անոնք, որոնք փորձեցին «ծայրայեղութեան» երթալ, ենթարկուեցան քաղաքական, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ֆիզիքական հաշուեյարդարի:

Ճիշդ է, չէ՞, որ մենք Հայաստանը վերածեցինք ամուր համակարգի, ուր բոլոր բնագաւառները հակակշռուած են, ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական թէ դատական, ուր ոչ մէկ բան կարելի է խախտել ու փոխել, միշտ պատճառաբանելով, որ կարելի չէ մանր բաներով զբաղիլ, որ` Հայաստանը պատերազմական վիճակի մէջ է, եւ որեւէ ապակայունացման նպաստող քայլ կտրականապէս պէտք է չէզոքացուի:

Առիթ չփախցուցինք Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ ամրապնդման մասին խօսելու. Հայաստանի հզօրացում` արդիական ու ամուր տնտեսութեամբ:

Հայաստանի մէջ կարեւոր նկատեցինք, արդի արհեստագիտութեան զարգացումը:

Շատ երկար խօսեցանք այն Հայաստանի մասին, ուր առկայ պիտի ըլլար ընկերային ու տնտեսական արդար համակարգ: Բոլոր ժամանակներու մէջ ալ տարրական ճշմարտութիւն է, թէ` որքան ամուր է երկրիդ  տնտեսութիւնը, որքան ամուր է պետականութիւնդ, ու ժողովուրդը արդար եւ առողջ համակարգի մէջ կ՛ապրի, այնքան անկախ ես եւ` նուազագոյն չափով խոցելի:

Այսօր այս տեսակի Հայաստանը ունենալու մասին է խօսքը, եւ խօսքէն անդին` յանձնառու գործը:

Պէտք է հաւատալ ու գործել ու ի պահանջեալ հարկին` զոհուիլ այս ոգիով ու այս տեսլականով:

Համերաշխութիւն, քաղաքական երկխօսութիւն, հանդուրժողականութիւն, ներքին միասնականութեան պահպանում, անպայման եւ անհրաժեշտաբար օրէնքի գերակայում, սահմանադրութեան յարգում, այլակարծութիւն` անպայման:

Ժողովրդավարութեան ամրապնդում` իր բոլոր մանրամասնութիւններով բացարձակապէս, այո՛:

Մենատիրական բոլոր դրսեւորումներու դէմ պայքար` անհրաժեշտաբար:

Այս բոլորը կրնան տեղի ունենալ միայն բոլոր այն հայերու ու քաղաքական ուժերու միջեւ, որոնք կը խօսին, կը հաւատան ու մանաւանդ կը գործեն այն Հայաստանին համար, որուն տեսլականը ունեցած են բոլոր այն ազնիւ ու ընտիր մարդիկը, որոնք չեն վարանած իրենց կեանքը զոհելու:

Հայ ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն բազմահազարներ զոհուած են այս նպատակներուն համար, բազմահազարներ եթէ չեն զոհուած, իսկ ամբողջ կեանք մը ապրած են զոհողութիւններով լեցուն, ամբողջ էութեամբ Հայաստանով ու հայրենիքով ապրած են, ամբողջ կեանք մը նիւթական ու բարոյական նուիրաբերած են Հայաստանին, նոյնիսկ տեսած չըլլալով այն Հայաստանը, որուն համար իրենց կեանքն իսկ զոհած են:

Հայ ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ըստ արժանւոյն գնահատել իրեն համար աշխատողն ու զոհուողը: Նաեւ գիտէ բոլոր անոնք, որոնք, շատ գեղեցիկ սկզբունքներէ ճառելու արուեստին քաջածանօթ` հայրենիքն ու ժողովուրդը կը վերածեն անձնական եւ տնտեսական ու քաղաքական ագարակի` դիզելու համար հարստութիւն, փառք ու պատիւ, եւ մանաւանդ` քաղաքական հիւանդագին բռնատիրութիւն:

Հարստահարող ուժերը բարոյապէս իրաւունք չունին ճառելու հայ ժողովուրդին` ժողովրդավարութեան, օրէնքի եւ սահմանադրութիւն յղացքներուն մասին, այնքան ատեն որ իրենց իշխանութեան օրերուն այս յղացքներուն նկատմամբ ոտնահարումները բաւական ողբերգական վիճակ պարզած են եւ ի՛նչ ճակատագրական վիճակի մատնած` հայութիւնն ու Հայաստանը: