Գանատա-Հայաստան Պատգամաւորական Բարեկամութեան խումբը Կարեւոր Կը Նկատէ Երևանի Մէջ Գանատայի Դեսպանութիւն Բանալու Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան

Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Գանատա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են Գանատայի խորհրդարանի բոլոր խոշոր քաղաքական կուսակցութիւններու, Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմենփրես»-ը, բարեկամութեան խումբի համանախագահ, Գանատայի խորհրդարանի պատգամաւոր Պրայեըն Մէյս իր խօսքին մէջ անդրադարձած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման` ընդգծելով Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի արդիւնքով երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած աննախադէպ յառաջընթացը:

Բարեկամութեան խումբը կարեւոր համարած է Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանութեան բացման ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանքներու իրականացումը:

Հանդիպման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են Գանատայի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արա Մկրտչեան եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Շահէն Միրաքեան` արտայայտելով իրենց դրական տպաւորութիւնները Ճասթին Թրիւտոյի Հայաստան կատարած այցի վերաբերեալ, ընդգծելով դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն բանալու եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը:

Բարեկամութեան խումբը վերահաստատած է Գանատայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու յետագայ յառաջխաղացման կարեւորութիւնը եւ քննարկած փոխյարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները: