«Իրանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենան Խմորումներ, Որոնք Առնուազն Պէտք Է Մտահոգեն Մեզ» Կիրօ Մանոյեան

Հայաստան

ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի վերաբերող վերջին զարգացումներուն՝ ըսաւ. «Իրանի հետ Միացեալ Նահանգներու հարցը իսկապէս մտահոգիչ է: Եւրոպական Միութիւնը (ԵՄ) չի բաժներ այն պատժամիջոցները, զորս Միացեալ Նահանգները կը կիրառէ Իրանի նկատմամբ»:

Ըստ Մանոյեանի՝ ականատես եղանք, որ Ամերիկայի նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդականին տարածաշրջան այցելութեան նպատակներէն մէկն ալ տարածաշրջանի երկիրները զգուշացնելն էր:

Մանոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի վրայ ճնշումները կը շարունակուին, որպէսզի Իրանի հետ յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասնին, որովհետեւ Ամերիկա այդպէս որոշած է: «Իսկ թէ որքա՛ն արդար է Ամերիկայի որոշումը՝ այլ հարց է, որովհետեւ եթէ ԵՄ-ը չի բաժներ Ամերիկայի տեսակէտը, կը նշանակէ, որ Միացեալ Նահանգները այդ որոշումը տուած է իր հաշիւներէն մեկնելով: Ամերիկայի մէջ Դեմոկրատ կուսակցութեան վերընտրութիւնը կրնայ որոշ չափով ազդել այս ընթացքին վրայ ու այդ պատժամիջոցները մեղմացնել: Սակայն մինչ այդ այս հարցը մեզի համար մտահոգիչ է», ըսաւ Մանոյեան:

Ըստ անոր՝ կարելի չէ նոյն ժամանակ գոհացնել Ամերիկան, եւ շարունակել յարաբերութիւնները Իրանի հետ: Պէտք է բացատրական աշխատանք տարուի: Այս հարցով, ըստ Մանոյեանի, իր դերը կրնայ ունենալ Ամերիկայի հայ համայնքը, որպէսզի տեղւոյն իշխանութիւններուն բացատրէ, որ Հայաստան շատ այլընտրանք չունի: Մանոյեան յայտնեց նաեւ, որ մենք տեսանք, թէ ինչպէս նախորդ տասնամեակին ընթացքին փորձուեցաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնել, բայց անիկա չյաջողեցաւ: Ճիշդ է որ մեղաւորը Թուրքիան էր, բայց պատասխանատուութեան իր բաժինը ունի նաեւ Ամերիկան։

«Երբ 10 տարի առաջ կարելիութիւն ունէին Թուրքիոյ վրայ աւելի շատ ճնշում բանեցնելու, հիմա այդ կարելիութիւնն ալ չունին: Այսօրուան Հայաստանի համար արտաքին աշխարհին հետ ցամաքային կապը կ՛իրականանայ միայն մեր երկու դրացիներուն՝ Վրաստանի եւ Իրանի միջոցով, ուրեմն Իրանի հետ պիտի շարունակենք մեր տնտեսական յարաբերութիւնները: Յստակ է, որ այս ընթացքին Հայաստան միշտ զգոյշ եղած է ոչ միայն Իրանի հետ, այլ ընդհանրապէս արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ ընդհանրապէս, որպէսզի այնպէս չըլլայ, որ արտաքին յարաբերութիւնները ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած ըլլան. այդքանը առնուազն պէտք է բաւարարէ Միացեալ նահանգները»:

Մանոյեանի բացատրեց, որ այս պարագային ԵՄ-ի մօտեցումն ալ որոշ չափով կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն այդ ալ ուրիշ հարց է, որովհետեւ եւրոպական ընկերութիւնները տակաւին քանի մը օր առաջ, Իրանի հետ ունէին տնտեսական յարաբերութիւններ, սակայն այսօր, այդ յարաբերութիւնները կը կասեցնեն, նկատի ունենալով, որ անոնք բացասաբար կրնան ազդել Ամերիկայի հետ իրենց յարաբերութիւններուն վրայ։ «Իսկապէս բարդ է մեր վիճակը, սակայն մենք չունինք այլընտրանք եւ տարբերակ, այդ պատճառաւ, անհրաժեշտ է շարունակել եւ մեր տնտեսական յարաբերութիւնները սերտացնել Իրանի հետ, նոյն ատեն բացատրական աշխատանք տանիլ Ամերիկայի եւ ԵՄի հետ», ըսաւ Մանոյեան:

Խօսելով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ Հայաստան-Իրան սահմանը կրնայ գործնականապէս փակուիլ՝ Մանոյեան ըսաւ, որ լաւ չէ հասկցած Փաշինեանի ըսածը: Մանոյեանի համաձայն՝ եթէ խօսքը երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին է, սահմանը գործնականապէս փակելու հարց չկայ, բայց եթէ խօսքը կը վերաբերի Ամերիկեան ռազմական գործողութիւններու՝ այդ կրնայ յարաբերութիւնները անկարելի դարձնել, ինչ որ հաւանական չեմ գտներ այժմ։ «Երրորդ պետութիւններու կողմէ կրնայ Իրանի վրայով ինչ որ բան չհասնիլ Հայաստան, բայց ուղղակի երկկողմանի յարաբերութիւններու պարագային, չեմ կարծեր, որ գործնականապէս բացասական դրսեւորում ըլլայ: Երրորդ պետութիւններու կողմէ հասնող հիմնական նիւթը քարիւղն է, իսկ մենք արդէն իսկ քարիւղ չենք գներ Իրանէն»:

«Երկիր»ըը Մանոյեանին հարցուց, թէ արդեօք Իրանի քաղաքականութիւնը փոխուա՞ծ է Հայաստանի հանդէպ՝ նկատի ունենալով Հոկտեմներ 30-ին Պոլսոյ մէջ երեք երկիրներու՝ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը եւ միատեղ յայտարարութիւնը՝ Մանոյանը ըսաւ, որ երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութեան մէջ խօսք չկայ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին մասին. «Առաջին անգամ չէ, որ Իրան կողմ կը քուէարկէ Ղարաբաղի մօտեցումներուն կամ Ղարաբաղի շահերուն դէմ բանաձեւին, բայց անիկա, իրականութեան մէջ, չէ դրսեւորուած Իրանի քաղաքականութեան մէջ: Այս պահուն, այլ մտահոգությիւն կայ. ոչ թէ Իրանը՝ իբրեւ պետութիւն, իր կեցուածքը փոխած է, այլ Իրանի մէջ տեղի կ՛ունենան խմորումներ, որոնք առնուազն պէտք է մտահոգեն մեզ: Իրանի մէջ, այսօր միայն փանթուրքիստները չեն որ սկսած են խօսելու Ղարաբաղի հարցին մասին՝ փորձելով պաշտպանել Ատրպէյճանը: Ասիկա կը դրսեւորուի զանազան ձեւերով, եւ որքան ալ իշխանութիւններուն մէկ թեւը փորձէ առաջքը առնել նման նախաձեռնութիւններու, այդ խմորումները փաստօրէն տեղի կ՛ունենան ունին Իրանի մէջ»:

Մանոյեան բացատրեց, որ այդ խմորումներուն գոյութեան պատճառներէն մէկն ալ կրնայ ըլլալ այն, որ այդ խմորումներուն միջոցով ոմանք կը փափաքին Իրանի կառավարման համակարգին մէջ սիրաշահիլ Ատրպէյճանը, սակայն այդ չի կրնար իրականանալ: Ըստ Մանոյեանի՝ Իրանի համար այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Ատրպէյճան Ամերիկայի հետ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի, Ատրպէյճանը սիրաշահիլը տրամաբանական չէ: «Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը Իրանի շահերուն դէմ է, անոր համար ալ Իրանի կողմէ նման որեւէ քայլ չի կրնար այդքան շահագրգռել Ատրպէյճանը եւ մղել զինք, որ փոխէ քաղաքական իր ուղղութիւնը: Ատրպէյճան կրնայ ցոյց տալ, որ գոհ է Իրանի նման քայլերէն, բայց Իրանի դէմ իր քաղաքականութիւնը չի փոխուիր: Մեզի համար մտահոգիչը Իրանի մէջ տեղի ունեցող ունեցող այդ խմորումներն են», ըսաւ Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ Իրանի հետ Հայաստանի վարած քաղաքականութեան՝ յայտնելով, որ չի կարծեր, թէ Հայաստանի կողմէ որեւէ անյստակութիւն գոյութիւն ունի՝ աւելցնելով, որ հաւանաբար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները Իրանի իշխանութիւններուն համար այդքան ալ հասկնալի չէին, եւ այդ իմաստով աշխատանքներ ունինք կատարելիք: «Մեր պարագային որոշ յստակացումներու հարց կայ: Պէտք է յստակացնել, ոչ այնքան մեր ժողովուրդին, որքան մեր գործընկերներուն եւ դրացիներուն, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը ինչ շարունակութիւն կրնայ ունենալ: Անհրաժեշտ է այդ վստահութիւնը ներշնչել մեր դրացիներուն՝ շեշտելով որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները չեն նպատակադրեր մեր դրացիներուն եւ գործընկերներուն հետ յարաբերութիւնները վատթարացնել: Իսկ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւնները սերտացումէն բացի, այլ ուղղութիւն չեն կրնար ունենալ», եզրափակեց Մանոյեան: