Բաղրամեան 26-ը Կը Տրուի Նախագահի Աշխատակազմին

Հայաստան

ՀՀ կառավարութեան` այսօր ընդունած որոշումին համաձայն` հանրապետութեան նախագահի նստավայրը Մաշտոցի 47 հասցէէն պիտի տեղափոխուի Բաղրամեան 26:

ՀՀ վարչապետի նստավայրը, որ այժմ Բաղրամեան 26-ն է, պիտի տեղափոխուի Հանրապետութեան հրապարակ` Կառավարական տուն 1 հասցէ:

Նախագիծով կը սահմանուի, որ նախագահի նստավայրի արարողակարգային նշանակութեան դահլիճներէն կրնայ օգտուիլ նաեւ վարչապետը:

Ի դէպ` միաժամանակ նախագահի կամ վարչապետի կողմէ այդ դահլիճներէն որեւէ մէկը օգտագործելու անհրաժեշտութիւն յառաջանալու պարագային` տուեալ դահլիճէն վարչապետը կ՛օգտուի առաջնահերթութեան կարգով:

Յիշեցնենք, որ 2018-ի Յունուարին կառավարութեան ընդունած որոշումին համաձայն` ՀՀ նախագահի նստավայրը Բաղրամեան 26-էն տեղափոխուած էր Մաշտոցի 47, իսկ վարչապետի նստավայրը տեղակայուածէր Բաղրամեան 26: