Յովնանեան Կրթաթոշակ` Ուսանողներուն․ Մրցոյթը Կը Կայանայ Նոյեմբերին

Հայաստան, Սփիւռք

Համալսարաններ ընդունելութեան քննութիւններու աւարտէն ետք դիմորդներու համար պարզ կը դառնայ, թէ արդեօք հնարաւորութիւն ունի՞ն պետական ամավարկէն ստանալ ուսման վարձի լրիւ կամ մասնակի փոխհատուցումը: Քանի որ ատկէ ետք շատ ուսանողներ կը սկսին աւելի աշխոյժ փնտռել ֆինանսաւորման լրացուցիչ տարբերակներ, «Հետք»-ը հարցեր ուղարկած էր «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամին», որ Հայաստանի մէջ կրթաթոշակներ կը տրամադրէ հայաստանեան համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողներուն:

«Հրայր եւ Աննա Յովնանեան հիմնադրամ»-ը ստեղծուած է 1986 թուականին Միացեալ Նահանգներու մէջ ամերիկահայ բարերարներ Հրայր եւ Աննա Հովնանեաններու կողմէ: Հիմնադրամը կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուցած է տարբեր ծրագիրներ, որոնցմէ մէկը հայ ուսանողներուն կրթաթոշակներ տրամադրելն էր` արտերկրի համալսարաններու մէջ սորվելու նպատակով: Այս ծրագիրը, ինչպէս կը տեղեկացնեն հիմնադրամէն, այժմ չի գործեր:

Փոխարէնը հիմնադրամը կրթաթոշակներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներուն` մասնակի (ուսման տարեկան վարձի մինչեւ 50 տոկոսի չափով) փոխհատուցելով անոնց ուսման վարձը հայաստանեան համալսարաններուն մէջ։

«Հետք»-ի գրաւոր հարցումներուն կը պատասխանէ հիմնադրամի երեւանեան մասնաճիւղը:

Հիմնադրամի կայքին մէջ նշուած է, որ ուսանողական կրթաթոշակի մրցոյթը կը կազմակերպուի ամէն կիսամեակ: Եր՞բ կը կայանայ հերթական մրցոյթը եւ քանի՞ ուսանողի կրթաթոշակ կը տրամադրէք ամէն մրցոյթի արդիւնքով:

-Հերթական մրցոյթը կը կայանայ Նոյեմբեր 1-էն 10: Ուսանողներու քանակը հաստատուն չէ, 600-800 ուսանող` իւրաքանչիւր կիսամեակին:

Դուք նշած էք, որ կրնան դիմել բարձր առաջադիմութեամբ ուսանողները: Կրթաթոշակի ընտրութեան միակ սկզբունքը բարձր առաջադիմութիւ՞նն է:

-Ոչ, միակ սկզբունքը առաջադիմութիւնը չէ, կարեւոր է նաեւ ընտանիքի ընկերային վիճակը: Նախապատուութիւնը կը տրուի սահմանին ծառայածներուն, ազատամարտիկներու երեխաներուն, սահմանամերձ գիւղերու մէջ բնակուողներուն, ինչպէս նաեւ աշխոյժ կամաւորական աշխատանքներու մէջ եղողներուն:

Ո՞ր համալսարաններու եւ մասնագիտութիւններու ուսանողներուն առաջնահերթութիւն կու տաք: Կա՞ն համալսարաններ կամ բաժանմունքներ, ուր սորվող ուսանողներուն չէք ֆինանսաւորեր:

-Բոլոր պետական համալսարանները ներառուած են, սակայն նախապատւութիւնը կը տրուի Հայաստանի համար արդի մասնագիտութիւններուն, օրինակ` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններ, արուեստ, ձեւաւորում, գիւղատնտեսութիւն, լրագրութիւն, իրաւաբանութիւն, բժշկութիւն, եւ այլն:

Կրնա՞ն Յովնանեան կրթաթոշակի մրցոյթին դիմել նաեւ հայաստանեան համալսարաններուն մէջ սորվող, արտերկրի քաղաքացիութիւն ունեցող հայ ուսանողները:

Այո:

Ուսանողները յաճախ կը հետաքրքրուին` ուսման վարձը լրիւ՞, թէ՞ մասնակի կը փոխհատուցէք:

-Հիմնականօրէն կը տրուի մէկ ամբողջ կիսամեակի համար:

Կրթաթոշակները կը տրամադրուին միայն համալսարաններու ուսումնառութեա՞ն, թէ՞ նաեւ կրթական այլ նպատակով, օրինակ` արտերկրի մէջ գիտաժողովի կամ վերապատրաստման մասնակցութիւն:

-Ոչ, կրթաթոշակը կը տրամադրուի միայն բակալաւր կամ մագիստրոս ծրագիրով սորվողներուն:

«Հրայր եւ Աննա Հովնանեան» բարեգործական հիմնադրամէն կրթաթոշակ ստանալու դիմումը կրնաք գտնել այս հղումով: Հետեւեալ երկու յղումներով կրնաք գտնել ծրագրի վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն, եւ հիմնադրամի կապի տուեալները: