Սուրիահայերը Համակարգուած Աջակցութեան Կարիք Ունին

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը տարեկան կ՛աշխատի շուրջ 3 հազար սուրիահայ ընտանիքի հետ: Կազմակերպութեան նախագահ  Ճորճ Բարսեղեան «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ սուրիահայերու մէջ դեռ կան ընտանիքներ, […]

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպած է Տանըլտ Թրամփի հետ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Ողջունելով նախագահ Թրամփին ՀՀ նախագահի, վարչապետի ու ժողովուրդի անունէն` Վարուժան Ներսէսեան նշած է, որ իրեն […]

Պատուոյ Դոկտորայի Տուչութիւն Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուաւոր դոկտորայի կոչման տուչութիւն: Կոչման արժանացողը, լիբանանահայ քաղաքական եւ ազգային գործիչ, պատմաբան, 17 տարիներ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Եղիկ […]

2018ին Արցախ Այցելած Են 127 Օտար Լրագրողներ

Երկուշաբթի, Յունուար 14-ին՝ ամփոփելով Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան 2018-ի գործունէութիւնը, նախարար Մասիս Մայիլեան յայտարարեց, որ անցեալ տարի Արցախ այցելած են օտար 45 զանգուածային լրատուական միջոցներ ներկայացնող 127 լրագրողներ:

Ապու Տապիի Թագաժառանգը Ընդունեց Հայաստանի Նախագահը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Երկուշաբթի, Յունուար 14-ին պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ): Նոյն օրը, նախագահը ընդունուեցաւ Ապու Տապիի թագաժառանգ, ԱՄԷ-ի Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմատ […]

Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Անցեալ Շաբաթ Եղած է Աւելի Քան 1100 Կրակոց

Յունուար 6-12 ժամանակահատուածին՝ արցախա-ատրպէյճանական հակամարտող զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը զինադադարի պահպանման համակարգը խախտած է շուրջ 170 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ՝ արձակած է աւելի քան […]

ՀՀ Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Մեկնի ԱՄԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 14 Յունուարին պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ միաժամանակ կը մասնակցի «Ապու Տապի կայունութեան շաբաթ» (Abu Dhabi Sustainability Week) համագումարին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի […]

Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի 5-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը

Երեւանի մէջ, Յուլիս 4-6, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի 5-րդ միջազգային բժշկական համագումարը:   Ըստ Armenpress.am-ի՝ համագումարի ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու եւ բուժքոյրերու, ինչպէս նաեւ միջազգային ճանաչում ունեցող փորձագէտներու եւ […]

Արմէն Պապիկեան ԵԱՀԿ-ի Մէջ ՀՀ Առաքելութեան Ղեկավար Նշանակուած է

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Արմէն Պապիկեանը Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար, Վիեննայի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ՀՀ […]

Արցախը Միջազգային Տարբեր Գործընթացներու Մէջ Ներգրաւելու Համար Ծրագիրներ Կ՝իրականացնենք. ԱԳ նախարար

2018-ին ընդլայնուած է Արցախի ապակեդրոնացուած համագործակցութեան աշխարհագրութիւնը:   Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 14-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան՝ մանրամասնելով, որ անցեալ տարուան […]