Պատուոյ Դոկտորայի Տուչութիւն Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատուաւոր դոկտորայի կոչման տուչութիւն:

Կոչման արժանացողը, լիբանանահայ քաղաքական եւ ազգային գործիչ, պատմաբան, 17 տարիներ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանն էր, որ կ՛արժանանար Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ կողմէ պատմական գիտութիւններու պատուոյ դոկտորայի կոչումին:

Լիբանանահայ տարբեր հոսանքներու պատկանող գրասէր եւ պատմասէր հասարակութեան մը ներկայութեան, ուր ներկայ էր Լիբանանի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի պատասխանատու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ հակիրճ խօսքով բացատրեց օրուան հաւաքին նպատակը:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի խմբագրական կազմի անդամ եւ Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան ներկայացուց «Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանի Պատմագիտական Հետազօտութիւններու Արժեւորումը», շեշտելով անոր գիտականութիւնը, ժամանակի ընթացքին նոյն նիւթը զարգացնելու ձգտումը եւ համագործակցութեան ոգին:

Հայկազեան համալսարանի ուսանողներէն Լոռի Պիլալեան (ֆլիւթ) եւ Վահան Սաղտըճեան (դաշնամուր), արհեստավարժ մակարդակով կատարեցին «Երեւան-Էրեբունի»ն:

Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան կարդաց տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանին տրուած կոչումին որոշումը: Ան բարձր գնահատեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ, եւ այդ պայքարին մէջ ծնունդ առած կուսակցութիւններուն խաղցած դժուարին բայց պատուաբեր դերը: Փրոֆ. Մելքոնեան գտաւ, թէ պէտք է արդար արժեւորումը կատարել ազատագրական պայքարի ինքնազոհ նուիրեալներուն. գործ մը, որ շրջանէ մը ի վեր կը կատարէ տոքթ. Ե. Ճէրէճեան:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ, տոքթ. Ե. Ճէրէճեան հակիրճ կերպով բացատրեց թէ ատամնաբուժական եւ երեսփոխանական ասպարէզներէն ետք, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ անցում կատարած է դէպի պատմագրութիւն: Ան իր պարտաւորութիւնը յայտնեց այսուհետեւ բարձր պահել զինք պարգեւատրող հաստատութեան վարկը:

Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, վերապատուելի Փօլ Հայտօսթեան, իր եզրափակիչ խօսքին մէջ նշեց, թէ Հայկազեանը միշտ ալ պատրաստ է նման ուսումնական եւ գիտական ձեռնարկներու հանդիսաբէմը ծառայելու: Իսկ տոքթ. Ե. Ճէրէճեանին Հայկազեանը ծանօթ է շատոնց, երբ ան սկսած է աշխատակցելու «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին եւ յաճախել համալսարանին գրադարանը: