Եւրոպայի Հնագոյն Հայոց Գաղութին ՄԷջ Արդէն 1000 Տարի Կը Ղօղանջեն Հայկական Եկեղեցիներու Զանգերը

Սփիւռք

Շուրջ 1000 տարի առաջ հաստատուելով Ռումանիոյ մէջ՝ հայերը կառուցեցին եկեղեցիներ եւ դպրոցներ՝ խոր արմատներ ձգելով ռումանական հիւրընկալ հողին վրայ: 1401-ին, Ալեքսանտր Պարի իշխանին հրովարտակով հաստատուեցաւ Ռումանիոյ Հայոց թեմը՝ իր հայրական հոգածութեան տակ առնելով, կրթելով ու դաստիարակելով տեղի հայութիւնը, կապելով իրենց արմատներուն եւ հաւատքին հետ: Եւ ահա շուրջ 1000 տարի մշտապէս կը ղօղանջեն բոլոր հայկական եկեղեցիներուն զանգերը: Բացառութիւն չէր նաեւ այս անգամ: Առիթը Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնն էր, որուն առիթով հերթական անգամ հնչեցին բոլոր եկեղեցիներու զանգերը՝ ազդարարելով Փրկիչին Ծնունդը:

Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի տնօրինութեամբ ու օրհնութեամբ տօնական Ս. պատարագներ մատուցուեցան ու ձեռնարկներ իրականացուեցան գրեթէ բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ:

ՊՈՒԽԱՐԵՍՏ

Առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Յունուար 5-ին Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցեց թեմակալ առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան՝ ներկայ հաւատաւոր բազմութեան ուղղելով իր պատգամն ու աւետելով Տիրոջ Ծննդեան բարի լուրը։

Յունուար 6-ին թեմակալ առաջնորդին կողմէ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, յաւարտ որուն կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ: Պատարագի արարողութեան կը մասնակցէին Գրիգոր քահանայ Հոլկան, Եզնիկ քահանայ Թորգոմեան, Հայկ սրկ. Ազարեան, Վահէ դպիր Յովակիմեան:

Պատարագին ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավար Վարուժան Փամբուկչեան: Յաւարտ պատարագի Ռումանիոյ հայոց միութեան հոգածութեամբ Դուդեան կեդրոնին մէջ համայնքի փոքրիկներուն այցելեց Կաղանդ Պապան։

Պատարագէն ետք սրբազան հօր օրհնութեամբ ընդունելութիւն կազմակերպուած էր նաեւ առաջնորդարանին մէջ: Նոյն օրը երեկոյեան Պուխարեստի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ Հայոց թեմի եւ Ռումանիոյ հայոց միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:

ՔՈՆՍՏԱՆՑԱ

Քոնստանցայի հայ համայնքին մէջ Ս. Ծննդեան ձեռնարկները մեկնարկեցին Յունուար 4-ին: Ռումանիոյ հայոց միութեան Քոնստանցայի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուեցաւ Ս. Ծննդեան նուիրուած տօնական համերգ, որուն մասնակցեցան սոփրանօ, երէցկին Արմինէ Խաչատրեան, մեցոսոփրանօ Սոնիա Հազարեան, դաշնակահար Արամ Մարիուս Նիցան:

Յունուար 5-ի երեկոյեան, Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Քոնստանցայի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Օշական քհնյ. Խաչատրեան: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ եւ հանդէս, որմէ ետք, միութեան հոգածութեամբ համայնքի երեխաներուն այցելեց Կաղանդ Պապան։

Յունուար 6-ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալ բազմութեան: Նոյն օրը տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Ռումանիոյ հայոց միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ճաշկերոյթին ու ձեռնարկին:

ՓԻՏԵՇՏ

Յունուար 5-ին Ճրագալոյցի Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Փիտեշտ քաղաքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի կարգ:

Ծննդեան տօնը նշուեցաւ նաեւ Պոտոշան, Սուչաւա, Գալաց, Պրըիլա, Թուլչա, Եաշ, Ֆոկշան, Ռոման եւ Թեմի այլ քաղաքներուն մէջ:

Յունուար 7-ին, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան ու փրկութեան համար:

Այնուհետեւ թեմի հոգեւորականաց դասը սկսաւ այցելելու հաւատաւոր զաւակներու տուները՝ տանելով Փրկչի Ծննդեան աւետիսը, օրհնելով բոլոր ընտանիքներն ու տան բարիքները՝ մաղթելով առողջ, խաղաղ ու օրհնաբեր տարի:

ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ