Շնորհահանդէս «Սուրիոյ Հայ Համայնքի Պատմութիւնը 1946-1970» Աշխատութեան Պէյրութի Մէջ

Սփիւռք

Երկուշաբթի, 14 Յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը 1946-1970» աշխատութեան, որուն հեղինակն է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գիտաշխատող դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեանը: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Նանի Գալուստեան: Ան ըսաւ, թէ Անի Աւետիս Ֆիշէնկճեանի աշխատասիրութիւնը կարեւոր եւ լուրջ ուսումնասիրութիւն մըն է Սուրիոյ հայութեան վերաբերեալ: Գիրքը կեդրոնացած է 1946-1970 Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան վրայ եւ կը նկատուի արխիւային աշխատանքի հարուստ օրինակ մը` ե՛ւ տեղեկութիւններով, ե՛ւ թուային պատկերներով ու տուեալներով, ե՛ւ լուսանկարներով:

Հեղինակը այս գիրքին հրատարակութիւնը նուիրած է իր հօր` Աւետիս Ֆիշէնկճեանի յիշատակին, անդրադառնալով սուրիահայութեան իրավիճակին` Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին եւ երկրի անկախութենէն ետք, սուրիահայերուն հայրենադարձութեան եւ մշակութային կեանքին:

Գիրքը ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը: Ան ըսաւ, թէ գիրքը կ՛ամփոփէ 1946-1970 թուականները, բայց իրականութեան մէջ շատ աւելի կանուխ շրջանէն կը սկսի, կը կատարուի հայ գաղթականութեան մասին ակնարկ մը, որմէ ետք առաջին գլուխով կը ներկայացուի Համաշխարհային Ա. պատերազմէն մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ ինկած ժամանակաշրջանը: Անկարելի է պատկերացնել Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութիւնը առանց այդ կայացման շրջանին, որովհետեւ Եղեռնէն յետոյ մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ պէտք է պատկերացում տրուի, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ հայ համայնքի կառոյցի ձեւաւորման գործընթացը:

Փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց գիրքի ընդհանուր կառուցուածքը եւ թէ ի՞նչ խնդիրներ արծարծած է հեղինակը գիրքին մէջ: Ան անդրադարձաւ, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին ինչպիսի՞ վիճակ էր Սուրիոյ մէջ` նկատի առնելով ֆրանսական հոգատարութեան շրջանը, որ բարդ ժամանակահատուած էր: Հեղինակը 1946-1970 համայնքի պատմութիւնը կը ներկայացնէ ընդհանուր համաշխարհային պատմութեան յետնախորքի վրայ:

Փրոֆ. Մելքոնեան ըսաւ, որ անկախ այն բանէն, թէ քաղաքական ի՛նչ հայեացքներ ունի Անի Ֆիշէնկճեանը, ան շատ հայեցի մօտեցում ունի իւրաքանչիւր քաղաքական կուսակցութեան գործունէութեան հանդէպ եւ միշտ գիտնականի պէս անաչառ գնահատական կու տայ երեւոյթներուն: Ան սկսած է հինէն` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան գործունէութենէն, Հայ օգնութեան միութենէն, Սուրիոյ օգնութեան խաչի կազմակերպութենէն  եւ այլն:

Փրոֆ. Մելքոնեան յայտնեց, որ շատ հետաքրքրական են 1921-էն սկսեալ Սուրիոյ պետութեան կայացման խնդիրներու անդրադարձը եւ ընդհանուր հիմքի վրայ հայ համայնքի խնդիրներու արծարծումները: Ան ըսաւ, որ աշխատութենէն ի յայտ կու գայ նաեւ, թէ որքա՛ն հայ համայնքը հաւատարիմ եղած է Սուրիա հողին: Բարդ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն մէջ հայ համայնքը կրցած է իր մասնակցութիւնը բերել Սուրիա եւ Լիբանան երկիրներու կայացման հոլովոյթին:

Փրոֆ. Մելքոնեան ըսաւ, թէ 1950-ականներէն մինչեւ 1965 թուականը հայերը ազատօրէն իրենք զիրենք դրսեւորելու կարելիութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ` ի մասնաւորի պետական կառոյցներու եւ բանակին մէջ, ուր ամբողջ փառահեղ համաստեղութիւն ունեցան զինուորական գործիչներու:

Խօսքի աւարտին փրոֆ. Մելքոնեան հաստատեց, որ գիտնականի խոր եւ անաչառ մօտեցմամբ տարած է իր աշխատանքը Անի Ֆիշէնկճեանը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան: Ան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Հալէպը դարձած է կարեւորագոյն մէկ կայանը Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէ գաղթական բեկորներու պատսպարման: Ան ըսաւ. «Այն, ինչ որ Անին իր ուսումնասիրութեան մէջ կը պատմէ, այդ բոլորին կարեւոր մէկ մասը ես ապրած եմ, հոն գտնուած եմ եւ վկան եմ: Անին իսկապէս ջանացած է եւ յաջողած մէկ ամբողջութեան մէջ առնել Հալէպի հայութեան կեանքը իր տարբեր կազմակերպութիւններով` մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ այլն»:

Պատմաբան Փամպուքեան հաստատեց, որ Անի Ֆիշէնկճեան իր ուսանողուհին եղած է, Հալէպէն եկած ամէնէն լուրջ եւ պարտաճանաչ ուսանողուհիներէն եղած է: Ուրախ է, որ ան կրցած  է ամբողջացնել իր ուսումը Հայաստանի մէջ եւ այսօր կը ներկայանայ հատորով մը: Պատմաբան Փամպուքեան յայտնեց նաեւ, որ հատորին մէջ ճշդուած թուականին մէջ կը ներառուի նաեւ Հալէպի ամբողջ հին կառուցուածքը, որ հեղինակը ներկայացուցած է բարեխղճօրէն: Ան ըսաւ, թէ ըստ արժանւոյն պէտք է գնահատուին նման աշխատանքները, որովհետեւ կորսուելու ընթացքին մէջ գտնուող հարստութիւն մըն է, որ կեանքի կը կոչուի եւ մեր ուշադրութեան առարկան կը դառնայ:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, թէ խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ հպարտառիթ նախաձեռնութիւն մըն է այս աշխատասիրութիւնը: Անի Ֆիշէնկճեան բացառիկ վաւերագրական աշխատանք տարած է, որ արխիւային հարստութիւն ունի, պատմական արժէք ներկայացնող հատոր է եւ իր մէջ ունի քաղաքական բովանդակութիւն: Մշակութային, ընկերային, բարեսիրական միութիւններու կեանք, մատենագիտութիւն եւ կոթողական մնայուն գործ: Այս առիթով ան ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց երեք հիմնական կէտեր:

Յ. Բագրատունի նախ յայտնեց, որ Անի Ֆիշէնկճեանը Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի շրջանաւարտ եղած է, եւ երբեմն նաեւ կարօտով կը յիշենք այդ հիմնարկը եւ կը փնտռենք զայն, որովհետեւ այդ հիմնարկը իր գոյութեան օրերուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող ոչ միայն տնտեսական դժուարութիւններուն, այլ նաեւ քաղաքական վերիվայրումներուն, ռմբակոծումներուն, ուսանողները հետեւած են անոր դասընթացքներուն եւ լաւ արդիւնքներ տուած: Հայագիտականի շատ ուսանողներ յաջողած են իրենց ուսումը շարունակել եւ սփիւռքեան հայ գաղութներուն ազգային, հասարակական կեանքին մէջ, թերթերուն եւ ակումբներուն մէջ ներկայ են, հայագիտական հիմնարկի գոյութիւնը կ՛արժեւորեն եւ գրգիռ կը ստեղծեն նման հիմնարկի մը վերստեղծումին:

Երկրորդ կէտով Յ. Բագրատունի ըսաւ, թէ հատորը իր բովանդակութեամբ կենդանի գործի եւ կենդանի փորձառութեան արտայայտութիւն է, որ նաեւ ցուցանիշ է, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կարելի է սփիւռքի գաղթօճախներու կարեւորութիւնը զգալ, ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կարելի է ըսել, որ հոն ուր կամք, հաւատք, նուիրում եւ յարատեւութիւն եղած է, հոն գաղութները ամուր եղած եւ տոկացած են:

Երրորդ կէտով Յ. Բագրատունի նշեց, որ միջինարեւելեան գաղութներուն մասին միշտ չէ, որ հրատարակութիւններ կ՛ըլլան: Ան փափաք յայտնեց, որ այս եւ նման հատորները թարգմանուին արաբերէնի` աւելցնելով. «Իբրեւ այս գաղութներուն մէջ ծնած, ապրած անհատներ պէտք է ճանչնանք, թէ մեզմէ առաջ ի՜նչ կոթողական գործ կատարուած են, որպէսզի մեր մէջէն միանգամընդմիշտ վերցնենք այն բարդոյթը, թէ մենք օտարամուտ ենք այս շրջանին մէջ»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ պատմութեան կերտման մէջ հայութիւնը իր եկեղեցիով, աւելի ուշ իր կուսակցութիւններով, աւելի ուշ իր միութիւններով կրցած է դիմագիծ տալ: «Պէտք է  տեղացի մեր հայրենակիցներուն ցոյց տանք, որ մենք նոյնքան մտահոգ եղած ենք այն հայրենիքներով, որոնք պարտադրուեցան մեզի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, եւ մենք նոյնքան նախանձախնդիր ենք այդ հայրենիքներու պաշտպանութեան գործին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Խօսք առաւ գիրքի հեղինակ դոկտ. Անի Ֆիշէնկճեան, որ նախ իր մենագրութեան ուղին բացատրեց եւ յայտնեց, որ բաւական բարդ ճամբայ անցած է գիրքը: Ան ըսաւ, թէ 1998 թուականին իր տիպլոմը պաշտպանած ժամանակ Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի ակադեմիկոս Լենդրուշ Խուրշուտեանը յանձնարարած է իրեն, որ կատարէ այս աշխատանքը: Մինչեւ 2001 թուական ոչ մէկ արխիւ տրամադրուած է անոր, բայց ընթացքին ան այդ թուականներուն «Ազդակ»-էն օգտուած է, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային արխիւէն: Վերջինիս մէջ հանդիպած է այնպիսի տեղեկութիւներու, որոնց հաշտ աչքով չէ կրցած նայիլ: Երկար պրպտումներէ ետք որոշ հարցերու գծով ան դիմած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանին, որ իր խորհուրդներով առաջնորդած է զայն:

Դոկտ. Ֆիշէնկճեան ըսաւ, թէ գիրքը պատրաստուելէ ետք հրամցուած է սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժնին, որուն իբրեւ գիտաշխատող մաս կը կազմէ ան. բաժինը քննարկած է եւ իր դիտողութիւնները տուած: Անգամ մը եւս գիրքը կարդացած են սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինին գիտաշխատողները, մամուլի բաժինի գիտաշխատողները եւ արեւելագէտները, որմէ ետք դարձեալ քննարկում կատարուած է, ապա բաժինը երաշխաւորած է տպագրութեան: Ան ըսաւ, որ արխիւներու պրպտումը իրեն համար դարձած է դպրոց, որմէ շատ օգտուած է: Ան յաջողած է նաեւ Բերիոյ թեմի արխիւները ուսումնասիրել, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ Բերիոյ թեմի արխիւները: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ յաջորդ գիրքը ընթացքի մէջ, այս անգամ ընդգրկելով 1971-2011 թուականները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձած են իր գործի յաջողութեան:

Ձեռնարկի աւարտին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: