2019. Հայ Եկեղեցին Հիմնական Դերակատար` Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացման Գործին Մէջ (Գ.)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ


Անկախ հայ մարդու քրիստոնէական հաւատքի ամրութենէն կամ աստուածավախութեան եւ հաւատացեալութեան աստիճանէն ու հեռու աստուածաբանական տարազներէ, հայ մարդը իր էութիւնը կը գտնէ հայ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը միաձոյլ պատմութիւն մը եղած է դարերու ընթացքին, եւ հոն, ուր հայ եկեղեցին տկարացած է, տկարացած է նաեւ մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու ինքնութեան պահպանման կամքը, պայքարելու մարտունակութիւնն ու յարատեւելու ճիգը:

Կը խօսինք եկեղեցւոյ մասին, իր ընդհանրութեան մէջ, անկախ աստուածաբանական, ծիսական, կառուցային տարբերութիւններէն, կրօնական հաւատքի աստիճանաւորումէն եւ եկեղեցականներու ինքնադրսեւորումէն:

Այլապէս, խօսքը կը վերաբերի Ժողովուրդի եկեղեցւոյ, այն եկեղեցւոյ, որուն կը հաւատայ ժողովուրդը իբրեւ իր յաւերժականութեան հիմնաքար, իբրեւ իր գոյատեւումը ապահովող կառոյց, որ ազգային-հասարակական կառոյցներու կողքին յառաջատար դերակատարութիւն կը վայելէ եւ իբրեւ այդպիսին ժողովուրդը իրեն կը մօտենայ տեւական ակնկալութիւններով, յարաճուն սպասումներով եւ մշտական զարգացման ու ուժեղացման արդար պահանջով:

Լիբանանեան իւրայատուկ դրութիւնը աւելիով դերակատարութիւն վերապահած է համայնքային կառոյցներու, իսկ լիբանանահայութեան պարագային, եկեղեցին ու անոր հովանաւորութեան տակ գտնուող միաւորները միշտ ալ յարգանքի, ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձած են մեր ժողովուրդին, ժողովուրդը ներկայացնող կուսակցութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն համար:

Ու եթէ 2019-ի առաջին օրերուն մենք կ՛անդրադառնանք ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացումին, ապա բնականաբար անհրաժեշտօրէն կ՛արձանագրենք այս իմաստով հայ եկեղեցւոյ եւ իր կառոյցներու դերակատարութեան, յաւելեալ ուժեղացման, յաւելեալ ժողովրդականացման, յաւելեալ հասանելիութեան եւ հայկականացման կարեւորութիւնը:

Արդարեւ, ցաւով պարտինք նշել, որ աղանդաւորական շարժումն ու հայ եկեղեցւոյ հաւատքին անյարիր, թէկուզ եւ քրիստոնէութեան անուան տակ գործող, բայց ապազգայնացնող ու տարբեր քաշողական գրգիռներով ապակողմնորոշող խմբակներ կը թափանցեն մեր իրականութեան մէջ:

Նոյն մտահոգութեամբ կարելի է արձանագրել նաեւ, որ հետզհետէ կ՛աւելնայ թիւը անոնց, տարեց թէ երիտասարդ, որոնք ենթակայական թէ առարկայական պատճառներով, տան բնակութեան յարմարութեան, օտար վարժարաններ յաճախելու, խառն ամուսնութեան թէ անհոգութեան պատճառով, կը հեռանան մեր եկեղեցիներէն, ու զիրենք կը գտնենք ոչ հայկական եկեղեցիներու մէջ ո՛չ միայն իբրեւ աղօթող, այլ նաեւ երբեմն ալ տիկնանց ու աղքատախնամ յանձնախումբերու, երիտասարդական խմբակներու թէ երգչախումբերու մէջ:

Երրորդ, աշխարհագրական վերադասաւորուող տեղաբաշխումը բնականաբար կը վտանգէ հայահոծ ապրելու կարելիութիւնը: Այլ խօսքով` դասական հայահոծ շրջաններէն հեռացող հայորդիներ կը հաստատուին այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր հայ եկեղեցին ու իր սպասաւորները կա՛մ անտեղեակութեան, կա՛մ անհոգութեան եւ կա՛մ ալ անհասանելիութեան պատճառով չեն կրնար անհրաժեշտ ներկայութիւնը ըլլալ:

Չորրորդ, յաճախ կը խօսուի, կը խօսինք նաեւ, որ եկեղեցին պարտի երթալ դէպի ժողովուրդ: Ու միաժամանակ անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը երթայ դէպի եկեղեցի: Երկու այս ուղղութիւններուն փոխներգործութեան բացակայութիւնը կը վնասէ հայ մարդուն հայկականութեան պահպանման: Եկեղեցական քարոզները, արարողութիւնները, ժողովուրդին  կողմէ անհասկնալի արարողակարգը, կարծրատիպերու գոյութիւնը, թերթերու հրահանգչային յայտարարութիւնները կամ քահանաներու միայն տօնական տնօրհնէքի այցելութիւնները, երբեմն եկեղեցականի վանողական տիպարը կամ ոչ ընդունելի վարքագիծը, պարզութիւնն ու խոնարհութիւնը ծանուցող, բայց ըստ էութեան զանոնք չապրող տիպարներու գոյութիւնը խնդիրներ են, որոնք չեն նպաստեր եկեղեցի-ժողովուրդ-հայկականութեան պահպանում եռանկիւնի զօրացման ու ամրապնդման:

Մեր ժողովուրդը հոգեւոր սնունդի պէտք ունի: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս կարիքաւորը օժանդակութեան պէտք ունի: Հոգեւոր ծառայութիւնը ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ նաեւ աղքատին, թշուառին, հիւանդին, տառապողին ու տագնապողին հասնելու առաքելութիւն: Խօսիլ ծառայութեան մասին, սակայն չծառայել` քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ մեղանչում է: Խօսիլ խոնարհութեան ու պարզութեան մասին, սակայն մնալ ժողովուրդէն հեռու, գոռոզ ու փառամոլ, հակաքրիստոնէական ընթացք է եւ վաւերականութեան պակաս:

Մենք կարիքը ունինք մեր եկեղեցւոյ ամրացման, զարգացման, հասանելիութեան ընդլայնման:

Կարիքը ունինք քաղաքէն ու Պուրճ Համուտէն դուրս ապրող Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային շրջաններու հայութեան համար նոր եկեղեցի-համայնքային կեդրոնի մը կառուցման:

Անհրաժեշտութիւնը ունինք երիտասարդութեան, մեր անմիջական շրջանակէն հեռու ապրող հայերու ներգրաւման` մեր եկեղեցական կեանքին մէջ: Հոգեւոր սնունդը բոլորին պէտք է հասանելի դառնայ:

Անհրաժեշտ է եկեղեցական-ազգային աւանդութիւնները վերյիշեցնելով պահել զանոնք ու փոխանցել նորարար ստեղծագործական մտքերով երիտասարդ մեր զանգուածներուն:

Չենք կրնար եկեղեցական մակարդակի վրայ ձեռնածալ մնալ հայ եկեղեցիէն հեռանալու ընթացքին ի տես, ըլլայ այդ դէպի աղանդաւորութիւն, կամ այլասերող խմբակներ կամ ոչ հայկական եկեղեցիներ:

Կարեւոր է բարեզարդել մեր եկեղեցիները, յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծել մեր կրօնաւորներուն, նոր կառոյցներ ապահովել, յուշարձաններ կառուցել, սակայն հիմնականը` այս բոլորին կողքին, զանոնք դնել ի խնդիր հայ մարդու հոգեւոր ամրոցին, հայ եկեղեցւոյ հզօրացման:

Հսկայական կարիքներ, որոնց մէկ մասը արդէն իսկ որոշ ժամանակէ ի վեր ուշադրութեան առարկան են, բայց միաժամանակ կը յամենան իրենք զիրենք պարտադրել լիբանանահայութեան մօտ:

2019-ին չենք կրնար ակնկալել արծարծուած եւ դեռ չարծարծուած հարցերու լուծումը: Գէթ սակայն, յիշեցումը զանոնք կը դնէ օրակարգի առաջնահերթութեան վրայ ու մղիչ ուժ կը դառնայ նոր մտածումներու եւ մտքերու:

Ուժեղ լիբանանահայութեան վերաթարմացման հաւաքական ճիգին մէջ, հայ եկեղեցին ունի հիմնական դերակատարութիւն: