Սուրիահայերը Համակարգուած Աջակցութեան Կարիք Ունին

Հայաստան, Սփիւռք

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը տարեկան կ՛աշխատի շուրջ 3 հազար սուրիահայ ընտանիքի հետ: Կազմակերպութեան նախագահ  Ճորճ Բարսեղեան «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ սուրիահայերու մէջ դեռ կան ընտանիքներ, որոնք իսկապէս ուշադրութեան կարիք ունին:

«Նախորդ տարին բաւական դրական էր, զգալի աշխատանք կատարուեցաւ, իրականացուեցան շարք մը ծրագիրներ: Մենք հնարաւորութեան չափ ամէն ինչ կ՛ընենք, որ իւրաքանչիւր կարիքաւորին հասնի մեր օգնութիւնը` ըլլայ հագուստ, սնունդ, խաղալիք, մաքրութեան պարագաներ, ուսանողներու հետ կապուած ծախսեր, բնակարններու վարձը եւ այլն»,– ըսած է Ճորճ Բարսեղեան:

Հայաստանի պետական կառոյցներու, ինչպէս նաեւ միջազգային, հասարակական կազմակերպութիւններու հետ աշխատելով` կազմակերպութիւնը շարք մը ծրագիրներ կ՛իրականացնէ` աշխատանք տանելով իւրաքանչիւր սուրիահայ ընտանիքի հետ: Ան նշեց քանի մը գործընկերներու` սփիւռքի նախարարութիւն, ՄԱԿ, GIZ, Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածին, ՀԲԸՄ, «Ամքոր Հայաստան», Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, «Իզմիրլեան հիմնադրամ», «Առաքելութիւն Հայաստան», «Կիւլպենքեան հիմնադրամ» եւ այլն:

Տրամադրուող ամենահիմնական աջակցութիւններէն Բարսեղեան առանձնացուց բժշկական ծառայութիւնը: «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ի գրասենեակի երկրորդ յարկին մէջ կը շարունակէ գործել «Քլաուտիա Նազարեան» դարմանատունը, որ կ՛աշխատի ՀԲԸՄ—ի հովանիին տակ: Այնտեղ ընդհանուր բժիշկը, մանկաբոյժը, սրտաբանը, կանանց բժիշկը, ակնաբոյժը, մաշկաբանը պատրաստ են ընդունելու առողջական խնդիրներ ունեցող սուրիահայերը: Այդ ամէնը կը գործէ բարեգործական նպատակով: Անհրաժեշտութեան պարագային դեղորայքը եւս կը տրամադրի անվճար:
«Մեր ռազմավարութիւնը հետեւեալն է, եթէ կրնանք մէկ դրական բանով օգնել ընտանիքին, բարելաւել անոնց ապրելու պայմանները, ապա մենք չենք զլանար:

Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ սփիւռքի նախարարութիւնը` ի դէմս նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդած Մխիթար Հայրապետեանի, մշտապէս կանգնած եղած են սուրիահայերու կողքին: Առաջին իսկ վայրկեանէն նախարարութիւնը թեւ ու թիկունք եղած է, հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերած բոլոր հարցերով: Ամէն սուրիահայ մէկ պատճառ ունի շնորհակալ ըլլալու սփիւռքի նախարարութեան անցած տարիներու ընթացքում տրամադրած ծառայութեան համար: Հաճելի պիտի ըլլար ըսել, որ 2018—ին քիչ աշխատած ենք, որովհետեւ սուրիահայերու վիճակը բարելաւուած է, սակայն այդպէս չէ: Կրնանք ըսել, որ նոյնն է, ինչ 2017—ին»,–ըսած է ան:

Ընդհանուր առմամբ, սուրիահայերու վիճակը շատ չի տարբերիր Հայաստանի միւս բնակիչներէն: Կրկին աշխատանքի խնդիր կայ, առկախուած են նիւթական հարցերը, գումարած ասոնց, սուրիահայերու հիմնական մասը վարձակալութեամբ կ՛ապրի: Բնակարանի վարձի վերաբերեալ ներկայացուած են տարբեր ծրագիրներ, սակայն շօշափելի արդիւնքներու դեռ չեն հասած: Անցած տարիներուն եղած են բարերարներ, կազմակերպութիւններ, որոնք ծանր կարիքաւորներու բնակարանային վարձը քանի մը ամիս փոխհատուցած են, սակայն ատոնք ժամանակաւոր լուծումներ են:

Խօսելով Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայերու գաղթի միտումներուն մասին` Ճորճ Բարսեղեան նշած է, որ մէկ ուղղութեամբ ընդհանուր ալիք չկայ, իւրաքանչիւր ընտանիք իր որոշումը ունի: Մասնաւորապէս, կան ընտանիքներ, որոնք կը վերադառնան Սուրիա իրենց ունեցուածքը վաճառելու եւ Հայաստանի մէջ վերջնականօրէն հաստատուելու համար: Անոնք այն բախտաւորներն են, որոնք կրցած են ինչ որ գործ դնել այստեղ: Կան ընտանիքներ, որոնց հիմնական մասը կը շարունակէ մնալ Հայաստան, սակայն արտագնայ աշխատանքի համար տղամարդիկ կը մնան Սուրիա: Ոմանք ալ ընդհանրապէս ընտանիքներով կը վերադառնան Սուրիա:

«Այդ ամէնը տեղի կ՛ունենայ առկայ դժուարութիւններէն մեկնած: Քաղաքական առումով յեղափոխութիւն եղաւ, սակայն այդ ցնցումին համապատասխան դեռ տնտեսական արդիւնքներ չկան: Ի հարկէ, կը հասկնանք, որ տնտեսական վերելքը, փտածութեան վերացումը մէկ օրուան մէջ տեղի չեն ունենար, սակայն, իմ կարծիքով, ամէն պարագայի գործընթացը դանդաղ կ՛ընթանայ»,—ըսած է ան:

Իսկ գալով կազմակերպութեան յառաջիկայ ընելիքներուն, ապա ծրագիր կ՛իրականացնեն «Հայկական Քարիթաս»-ի, Հայկական կարմիր խաչի, ՓՄՁ համագործակցութեան ընկերակցութեան հետ: Նպատակն է հնարաւորութիւն ստեղծել, որ «մէկ պատուհանի» սկզբունքով սուրիահայերը կարենան տեղեկանալ, թէ Հայաստանի մէջ պետական կառոյցներու, միջազգային, հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ իրենց ուղղուած ինչ ծրագիրներ կ՛իրականացուին: «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»-ը մանրամասն պիտի հաւաքագրէ իւրաքանչիւր ծրագրի վերաբերեալ տեղեկատուութիւն եւ ինչպէս սփիւռքի նախարարութեան կայքի, այնպէս ալ համապատասխան գրքոյկներու միջոցով պիտի տեղեկացնէ սուրիահայ ընտանիքներուն:

Աննա ԳԶԻՐԵԱՆ