Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպած է Տանըլտ Թրամփի հետ

Աշխարհ, Հայաստան

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

Ողջունելով նախագահ Թրամփին ՀՀ նախագահի, վարչապետի ու ժողովուրդի անունէն` Վարուժան Ներսէսեան նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ ու պատասխանատւութիւն է Հայաստանը ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու մէջ այս կարեւոր ժամանակաշրջանին:

 «Հաւատարմագիրներու յանձնման արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին նախագահ Թրամփ ու դեսպան Ներսէսեան կարեւոր համարած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնմանն ուղղուած քայլերը: Կողմերը շեշտած են ամերիկահայ համայնքի դերակատարութիւնը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան զարգացման գործին մէջ», – կը հաղորդեն ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն: