Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի 5-րդ Միջազգային Բժշկական Համագումարը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի մէջ, Յուլիս 4-6, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի 5-րդ միջազգային բժշկական համագումարը:

 

Ըստ Armenpress.am-ի՝ համագումարի ծրագիրին ծիրէն ներս՝ կը նախատեսուի աշխարհասփիւռ հայ բժիշկներու եւ բուժքոյրերու, ինչպէս նաեւ միջազգային ճանաչում ունեցող փորձագէտներու եւ առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներու մասնակցութիւնը: Համագումարը պիտի լուսաբանէ հանրային առողջութեան եւ առողջապահութեան կազմակերպման, ընդհանուր բժշկութեան, ատամնաբոյժութեան, դեղաբանութեան, բուժքոյրական, առողջապահական կրթութեան եւ բժշկական այլ ոլորտներու մէջ արդի խնդիրները եւ առաջխաղացումները։

 

Հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ իրականացուած միջազգային բժշկական համագումարներուն յաջողութիւնները՝ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան եւ AMIC-ի (Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի) բարձր հովանիի ներքոյ, 2019-ին կայանալիք համագումարը պիտի անդրադառնայ մեր օրերուն առողջապահութեան առնչուող կարեւոր հիմնախնդիրներուն: Հիմնական բանախօսները եւ քննարկման մասնակիցները պիտի կեդրոնանան համապատասխան թեմաներու աւելի լայն շրջանակի վրայ՝ ներառելով Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ վերջիններուս առողջապահութեան առնչուող արդի խնդիրները։

 

Յուլիս 3-ին պիտի կազմակերպուին սաթելիդային հաւաքներ` միջազգային համագործակցութեան միջեւ կամուրջներ հիմնելու, ինչպէս նաեւ առանց արձանագրութեան վճարի հրաւիրուած մարզային բժիշկներուն փոխանցելու ոլորտի նորագոյն մօտեցումները: Հետաքրքրական հասարակական ծրագիր պիտի առաջարկուի համագումարի մասնակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: