Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Անցեալ Շաբաթ Եղած է Աւելի Քան 1100 Կրակոց

Հայաստան

Յունուար 6-12 ժամանակահատուածին՝ արցախա-ատրպէյճանական հակամարտող զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը զինադադարի պահպանման համակարգը խախտած է շուրջ 170 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ՝ արձակած է աւելի քան 1100 կրակոց:

Արցախի Հանրապեութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պաշտպանութեան Բանակի առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկած մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: