Թուրքիան Անհանգստացած է Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցին Վերականգնելու Վերաբերեալ Ասատի Խոստումէն

Աշխարհ, Սփիւռք

Ազգայնական ուղղուածութիւն ունեցող թրքական «Sozcu» թերթին մէջ յօդուած հեղինակած Զէյնապ Կիւրճանլըն անդրադարձած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին վերկանգնելու վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահի խոստումին:

 

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ սուրիական հարցին վերաբերեալ գրած «Ասատը կը բանայ հայկական խաղաքարտը» վերնագիրով յօդուածին մէջ՝ հեղինակը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վերականգնման մասին:

 

Թուրք վերլուծաբանը Ասատի յայտարարութիւնը կը համարէ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլ՝ գրելով, որ Սուրիոյ մէջ եօթը տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմին յաղթած է Ասատը, եւ Թուրքիոյ հարեւան Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը կը վարէ թշնամական վարչակազմը:

 

«Ի՞նչ կը կարծէք Ասատի «վերանորոգման առաջնահերթութիւններու» ցուցակին մէջ ինչը պէտք է ըլլայ՝ ուժանի՞ւթը, քաղաքային ենթակառուցուածքնե՞րը, կառավարական շէնքե՞րը, թէ՞ քաղաքացիներու տուները եւ աշխատավայրերը: Ասոնցմէ ո՛չ մէկը: Ասատի ցուցակին վրայ առաջին տեղը կը գտնուի Թուրքիոյ գլխացաւանք 1915-ի դէպքերու խորհրդանիշը: Ասատ, նախորդ շաբաթ, ընդունած էր հայկական պատուիրակութիւնը եւ անոնց խոստացած էր պետական միջոցներով վերականգնելու Տէր Զօրի մէջ, այսպէս կոչուած, «Հայոց Ցեղասպանութեան» յիշատակին կառուցուած եկեղեցին, որ աւերուած էր ԻՊ-ի («Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւն-խմբ.) կողմէ»:

 

Կիւրճանլըն նշած է, որ վերոնշեալի շարունակութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ Եփրատի արեւելքին տիրապետող Սուրիոյ քիւրտերու, որոնց կը համարէ ՔԲԿ-ի ճիւղաւորում, եւ Սուրիոյ իշխանութիւններու համագործակցութիւնը: Ան նշած է, որ Մանպիճի մէջ արդէն այդ համագործակցութիւնը առկայ է, եւ քիւրտերը կառավարական բանակին ձգած են քաղաքի ծայրամասային թաղամասերուն վերահսկողութիւնը: Անոր դիտարկումով՝ այդ համագործակցութեան կ՝աջակցի Ռուսիան, եւ այդ համագործակցութիւնը, վերջին արդիւնքով՝ գլխացաւանք պիտի դառնայ Թուրքիոյ համար:

 

Նշենք, որ 2014 Սեպտեմբեր 21-ին, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ պայթեցուած Սրբոց Նահատակաց մատուռը կառուցուած է Տէր Զօրի նախկին Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ եւ Ազգային վարժարանի տեղը։ Հիմնարկէքը կատարուած է 1985 Մայիս 12-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ձեռամբ: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1990 Նոյեմբերին: Անիկա կ՝ամբողջանայ Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրով։ Սրբոց Նահատակաց մատուռի ներքնայարկին մէջ կը գտնուին Խաչելութեան, Նահատակութեան եւ Եղեռնի սրահները։ Այստեղ ամփոփուած են նաեւ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարտիրոսացած Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ զոհերու մասունքները։

 

Նախքան ռազմական գործողութիւնները, Տէր Զօրի մէջ կը բնակէր մօտ 20 հայ ընտանիք։