Հայամէտ Քոնկրեսական Թուլսի Կապարտ Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Դնէ 2020ի Նախագահական Ընտրութիւններուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Շաբաթ, Յունուար 12-ին, «Սի.Էն.Էն» կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ անդամ Թուլսի Կապարտ յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2020-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն:

Նշենք, որ Կապարտ ծանօթ է իր հայամէտ դիրքորոշումներով: Ան բազմիցս կոչ ըրած է՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սեպտեմբեր 2017-ին այցելած էր Հայաստան եւ Արցախ՝ իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ, ընկերակցութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի: