Համահայկական Խաղերուն Մասնակցողներու Կեցութիւնը Ապահովուած Է

Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան յայտարարեց, որ համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն մասնակցողներուն համար Արցախի մէջ ապահովուած են պանդոկներու մէջ սենեակներ: Կոմիտէն կ՛իրականացնէ 2000-2500 անձերու տեղաւորման հարցին լուծումը: «Հիւրերու […]

Չենք Կրնար Հրաժարիլ Իրանեան Կազէն, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան

Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 15-ին, «Atlantic Council» կեդրոնին մէջ իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան չի կրնար հրաժարիլ ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանէն […]

ՀՀ Այցելած Օտարերկրացիներուն Թիւը Աւելցած է 14.4%-ով

Այս տարուան առաջին 6 ամսուան ընթացքին Հայաստան ժամանած է 14.4 տոկոսով աւելի օտարերկրացի, քան 2018 թուականի առաջին 6 ամիսը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Զբօսաշրջութեան եղանակը, […]

ՀՀ Լեզուի Կոմիտէն Համացանցի Պաշտօնական Կայք Պիտի Ունենայ

ՀՀ Լեզուի Պետական Կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան յայտարարեց, որ շուտով գործել պիտի սկսի Լեզուի Կոմիտէի պաշտօնական կայքը` langcom.am-ը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ կոմիտէի պաշտօնական լրատու եւ լեզուական հարթակ` յագեցած բազմաբնոյթ […]

ՀՀ Վարչապետը Ընդունած է Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահ Արա Թորանեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յուլիս 16-ին, ընդունած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, «Nouvelles d’Armռnie» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանը: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը […]

Աղէտի Գօտիի Բնակարանային Խնդիրներու Լուծման Նպատակով Կառավարութիւնը 3 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, այսօր տեղի ունեցած է  խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ կառավարութեան ընելիքները: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ […]

Բժշկական Եւ Առողջապահական Պարագաներ՝ Հալէպի Հայ Ծերանոցին Եւ Զինուորական Հիւանդանոցին

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Յուլիս 13-15-ին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական եւ […]

Ազգային Գրադարանին Մէջ Ցուցադրուեցան Լեւոն Շանթի Երկերուն Ամէնէն Հին Ու Ամէնէն Նոր Հրատարակութիւնները

Գրող, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի  150-ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցան հեղինակին երկերու ժողովածուները, թարգմանութիւնները եւ անոր նուիրուած աշխատութիւններ: Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 15-ին՝ գրադարանին պետական […]

Նախագահ Սարգսեան Եւ Վարչապետ Փաշինեան Քննարկեցին Երկրի Զարգացման Ծրագիրներ

Յուլիս 15-ին, նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հերթական աշխատանքային հանդիպումը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ քննարկուեցան երկրի […]

Արցախի Մէջ Հիմնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 111-րդ Մասնաճիւղը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ հարիւրամեակի ծրագիրներուն առաջնահերթութիւնը Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ հիմնելու անհրաժեշտութիւնն էր։ Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ ունենալու գաղափարը տարիներու փափաք էր, սակայն զանազան պատճառներով աշխատանքի սկիզբը յետաձգուած էր։ Միութեան 100ամեակի […]