Հայ Մամուլի Մշակը՝ Աբօ Պողիկեան․ Սիվիլիթասը / Սիվիլնեթը Նոր Տնօրէն Ունի

Հայաստան, Սփիւռք

Սիվիլիթաս հիմնադրամի խորհուրդը ուրախ է յայտարարելու հիմնադրամի նոր տնօրէնի պաշտօնին Աբօ Պողիկեանի նշանակման մասին։ 2008-ի հիմնադրումէն ի վեր՝ Սիվիլիթասը եղած է քաղաքացիական հասարակութեան զօրացման առաջամարտիկը՝ խթանելով հրապարակային քննարկումներու մշակոյթը, իրականացնելով հասարակական հարցումներ ու հետազօտութիւններ, նախաձեռնելով անդրսահմանային բազմաթիւ ծրագրեր։ Հիմնադրամի ամենաազդեցիկ ծրագիրը Սիվիլնեթ նորարար լրատուական հարթակի ստեղծումն էր, որ նոր չափանիշներ ու միտումներ հաղորդած է հայաստանեան լրատուադաշտին։

Պարոն Պողիկեանը ծնած է Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ, ապրած եւ ուսանած է Լոս Անճելըսի մէջ եւ վերջին երեք պատմական տասնամեակներուն կէսէն աւելին բնակած է Հայաստանի մէջ։

«Սիվիլնեթը, որ ստեղծուած է Հայաստանի կեանքին մէջ նշանակալից փոփոխութիւններու հասնելու համար, այժմ տեղեկատւութեան եւ վերլուծութեան միջազգայնօրէն յայտնի երկլեզու աղբիւր է՝ Սիվիլիթաս հիմնադրամի կարեւորագոյն նուաճումը։ «Սիվիլնեթի գործունէութիւնը աւելի լայն եւ բազմակողմանի պիտի դառնայ՝ շնորհիւ Աբօ Պողիկեանի փորձառութեան եւ բացառիկ անձնուիրութեան այն հաւատամքին, որ մեզի առաջ կը մղէ՝ արդար հանրութիւն, բաց երկիր, ուր անհատը կրնայ բարգաւաճիլ ու իր նպաստը բերել մարդկութեան բարօրութեան»,- ըսած է Սիվիլիթասի հիմնադիր-տնօրէն Սալբի Ղազարեան։

1980-ականներուն Աբօ Պողիկեանը հայ գրականութեան ոլորտին մէջ իր դոկտորական ատենախօսութեան վրայ կ՝աշխատէր լուսահոգի փրոֆէսըր Աւետիս Սանճեանի մօտ, սակայն ընդհատեց ուսումը՝ ստանձնելու Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը։ Անոր ղեկավարութեամբ օրաթերթը մեծ զարգացում ունեցաւ եւ դարձաւ Սփիւռքի կարեւորագոյն երկու լրատուամիջոցներէն մէկը։

1990-ին՝ Խորհրդային Միութեան վերջին օրերուն, երբ սկսած էր Ղարաբաղեան շարժումն ու քաղաքական զարթօնքը, երբ թափ կը հաւաքէր Արցախի վերամիաւորման եւ անկախութեան ընթացքը, Աբօ Պողիկեան եկաւ հայրենիք եւ քանի մը լրատուամիջոց հիմնադրեց, ինչպէս՝ «Երկիր» օրաթերթը։ Ան ստեղծեց նաեւ ՀՅԴ մամլոյ դիւանը, որ ամենօրեայ կարեւոր տեղեկատւութիւն կը տրամադրէր Ղարաբաղեան ճակատէն, ապա՝ նորանկախ Հայաստանէն։ Իբրեւ «Երկիր» օրաթերթի հիմնադիր ու խմբագիր՝ ան հաւատարիմ մնաց անկախ լրագրութեան սկզբունքներուն եւ կրցաւ ապահովել Հայաստանի ու տարածաշրջանի մասին հաւաստի լուրերու եւ վերլուծութիւններու մատուցումը միջազգային հանրութեան, որ անոր կարիքը առանձնապէս ունէր։

«Արցախեան շարժումով խանդավառ էր ամբողջ ազգը: «Ասպարէզ»-ը, որուն խմբագիրն էի այդ օրերուն, «Դէպի երկիր» կը քարոզէր, ու կարելի չէր Լոս Անճելըս նստած հանգիստ խղճով այդ յորդորով ժողովուրդին դիմել: Նաեւ պատմական իրադարձութիւններուն անմիջական մասնակցութիւն ունենալու ցանկութիւնը անդիմադրելի էր»,- ըսած է Աբօ Պողիկեան։

2008-ին վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ՝ Պողիկեան կրկին ստանձնեց «Ասպարէզ»-ի խմբագրութիւնը եւ ընդլայնեց թերթին հնարաւորութիւնները, տարածումը եւ բազմակողմանի լուսաբանումը։ Մինչեւ այս ամիս ան «Ասպարէզ»-ի հետ էր։

Սիվիլիթաս հիմնադրամի խորհուրդը վստահ է, որ Աբօ Պողիկեանը կազմակերպութիւնը պիտի հասցնէ նոր բարձունքներու։ «Հայաստան վերադառնալը նպատակ էր: Վերադառնալ Սիվիլնեթի ընտանիքին մաս կազմելու ճամբով՝ ինծի համար թարմ ու իմաստալից նոր փորձառութիւններու առիթ կը նկատեմ, որ միեւնոյն ատեն պարտաւորեցնող է: Նուիրումով ու մասնագիտական բարձր մակարդակով աշխատողներու խումբին մաս կազմելու հեռանկարն ալ իսկապէս կ՝ոգեւորէ զիս»,- ըսած է Պողիկեան։

Սիվիլնեթն իր երեք տասնեակ աշխատակիցներով կեդրոնացած է ուղիղ հեռարձակումներու, հետաքննական, իրաւապաշտպան եւ լուծումներու տանող լրագրութեան վրայ։ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի ամենատարբեր անկիւններէն երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն լուսաբանումը, տուեալներու վրայ հիմնուած վերլուծութիւնները Սիվիլնեթի աշխատանքի հիմնաքարն են։ 2013-ին Սիվիլնեթը հայաստանեան միակ լրատուամիջոցն էր, որ Սուրիոյ մէջ տեղւոյն վրայ կը լուսաբանէր տեղահանուած քեսապցիներուն խնդիրը։ Սիվիլնեթի՝ 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն շուրջօրեայ ուղիղ հեռարձակումը ունեցած է 16 միլիոն դիտում։ Իր գործունէութեան ամբողջ ընթացքին՝ Սիվիլնեթը լուսաբանած է քաղաքացիական բազմաթիւ մեծ ու փոքր ցոյցեր ու բողոքներ, աջակցած սեփական իրաւունքներու համար պայքարելու անհատի ու հանրութեան գիտակցութեան բարձրացման, որ ի վերջոյ նպաստեց 2018-ի յաջող ու սահուն քաղաքական վերափոխման։

«Արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան Սիվիլիթասը հիմնադրեց ժամանակահատուածի մը, երբ մեծ էր քաղաքացիական հասարակութեան գործունէութեան եւ ազդեցութեան ընդլայնման կարիքը։ Այսօր Սիվիլիթասը կրնայ եւ պէտք է նոր դեր ստանձնէ իբրեւ հետազօտական եւ վերլուծական կեդրոն։ Սիվիլնեթը այդ գործին անբաժան մասն է, որ հանրութեան կու տայ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու նրբին ու բարդ բացատրութիւնները՝ հայերէն ու անգլերէն։ Աբօ Պողիկեանի փորձը եւ նուիրումը հրաշալի համադրութիւն են այս նպատակին հասնելու համար»,- ըսած է Սալբի Ղազարեան։

Աբօ Պողիկեան Սիվիլիթաս հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2019 Սեպտեմբեր 1-ին։

ՍԻՎԻԼՆԵԹ