Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ցաւակցական Ուղերձ Յղած է Վահագն Տատրեանի Մահուան Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ցաւակցական ուղերձ յղած է հանրածանօթ գիտնական, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Զօրեան հաստատութեան՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանի մահուան առիթով։

Ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Խոր վիշտով տեղեկացայ հանրածանօթ գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան նշանաւոր հետազօտող, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Զօրեան հաստատութեան՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանի մահուան մասին:

Վահագն Տատրեան ծնած է Հայոց Ցեղասպանութեանէն տասը տարի անց, Պոլիս: Եւ, թերեւս, պատահական չէր, որ ան իր կեանքին մեծ մասը նուիրեց ցեղասպանութիւններու եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան՝ իր հեղինակած արժէքաւոր մենագրութիւններով ու աշխատութիւններով մեծ ներդրում ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգայնացման եւ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին: Վահագն Տատրեան գիտնական էր այդ բառին ամենալայն իմաստով. ան Պեռլինի համալսարանին մէջ ուսումնասիրած էր մաթեմաթիքա, Վիեննայի համալսարանին մէջ՝ պատմութիւն, այնուհետեւ`միջազգային յարաբերութիւններ Զիւրիխի համալսարանին մէջ, իսկ արդէն Շիքակոյի համալսարանին մէջ՝ ընկերաբանութիւն: Մայրենի հայերէնէն բացի հրաշալի տիրապետելով ժամանակակից թրքերէնին եւ օսմաներէնին, ինչպէս նաեւ գերմաներէնին, անգլերէնին եւ ֆրանսերէնին՝ Տատրեան տարբեր երկիրներու արխիւներու ուսումնասիրմամբ գիտական շրջանառութեան մէջ դրաւ նոր փաստաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Ի թիւս այլ պարգեւներու՝ 2009-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ ունեցած ծանրակշիռ վաստակին համար՝ ան արժանացած է Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին:

Դոկտոր Տատրեանին ճանչցած եմ ոչ միայն իբրեւ փայլուն գիտնական, այլեւ իբրեւ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտի հրաշալի մասնագէտ եւ մարդ, որուն հետ շփուիլը պատուաբեր էր եւ ուսանելի: Այդ յիշողութիւնները եւ անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան զինք ճանչցողներուն եւ անոր վաստակը գնահատողներուն մէջ:

Անկեղծ ցաւակցութիւններս կը յղեմ Տատրեաններու ընտանիքին, անոնց հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսեմ անոնց վիշտը»: