Կեանքէն Հեռացած է Ամերիկահայ Պատմաբան, Ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեան

Հայաստան, Սփիւռք

93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ հանրածանօթ գիտնական, իրաւագէտ, պատմաբան, ընկերաբան, մաթեմաթիքոս,  ընկերաբանութեան դոկտոր, փրոֆէսըր, ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ Զօրեան հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն Վահագն Տատրեանը (Vahakn Dadrian)։ Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ gagrule.net-ը։

Վահագն Տատրեան ծնած է 1926-ին Պոլիս։ Աւարտած է Պեռլինի համալսարանի մաթեմաթիքայի, Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Զիւրիխի համալսարանի միջազգային իրաւունքի բաժանմունքները։ 1970-1991թթ. ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ, միաժամանակ՝ եղած է Հարվըրտի համալսարանի միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու եւ Մասսաչուսէթսի Արհեստագիտութեան միջազգային ուսումնասիրութիւններու կեդրոններու աւագ գիտաշխատող։ 1990-ականներուն եղած է Հ. Ֆ. Գուգենհայմի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ծրագրի տնօրէն։ 1991-էն Զօրեան ուսումնարանի (Թորոնթօ եւ Քէմպրիճ) ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրի գիտական տնօրէնն էր։

Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է։ Յատկապէս արժէքաւոր են «Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 1995), «Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատւութիւնը։ Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, 1996), «Ցեղասպանութեան երաշխիքը։ Թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, 1998) մենագրութիւնները։ Միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած է «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց։ Հայկական հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» (անգլերէն, 1989) աշխատութիւնը։

Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած է ՀՀ Մովսէս Խորենացիի մետալով, «Վերիտաս» ոսկէ մետալով (Հարվըրտի համալսարան), Ռուսիոյ հայերու միութեան ոսկէ մետալով, ՀՀ ԳԱԱ ոսկէ յուշամետալով, Իտալիոյ «Ճշմարիտները հայերու համար» կոմիտէի Ֆրիտէոֆ Նանսէնի ոսկէ յուշամետալով (Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւն), Սուրբ Սահակ Սուրբ Մաշտոց մետալով, ՀՀ նախագահի ոսկէ մետալով։