Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած է Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեանը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալած է Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս  Պերեճիքլեանը, որ Հայաստան կը գտնուի մասնաւոր այցով: «Ուրախ եւ հպարտ ենք Աւստրալիոյ մէջ Ձեր գործունէութեամբ: Այսօր […]

«Աւրորա» Մարդասիրական Նախաձեռնութիւնը #AraratChallenge Համաշխարհային Շարժում Մը Կը Սկսի

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը յայտարարած է #AraratChallenge շարժման սկիզբը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը տեղեկացնէ IDeA հիմնադրամը։ Նոր շարժում-հանգանակութիւնը նպատակ ունի օգնութեան ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիք […]

Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատարը Կը Հանդիպի Մոսկուայի Հայ Համայնքին Հետ

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ այցելեց Ռուսիոյ հայերու միութեան (ՌՀՄ) կեդրոնական գրասենեակը: Այցելութեան ընթացքին Սինանեան ծանօթացաւ ՌՀՄ-ի կից գործող զանազան կառոյցներու գործունէութեան եւ մասնակցեցաւ […]

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց երկու կազմակերպութիւններուն կարեւոր դերը հայ-ամերիկեան […]

Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի 35-40 Հազար Հանդիսական Տեղաւորող Մարզադաշտ

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Ազգային մարզադաշտը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի տեղաւորէ մօտ 35-40 հազար հանդիսական, «Ֆէյսպուք»ի ուղիղ միացման ժամանակ յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան: «Ապրիլ ամսուան վերջը մեկնած էի Միացեալ […]

Հայաստան Կը Մասնակցի Ուաշինկթընի Կրօնական Ազատութիւններուն Նուիրուած Համաժողովին

Ուաշինկթընի մէջ շուրջ հարիւր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ՝ կրօնական հետապնդումներ եւ յարձակումներ վերապրածներու հետ միասին, կը մասնակցին Կրօնական ազատութիւններուն նուիրուած համաժողովին: Մասնակիցներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ […]

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Թէժ Գիծը Կ՛աշխատի, Բայց Ատիկա Չ՛երաշխաւորեր, Որ Մենք Զոհեր Չունենանք. Փաշինեան

Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ թէժ գիծի վերաբերեալ հարցին: Ան նշեց, որ թէժ գիծը կ՛աշխատի, բայց ատիկա չ՛երաշխաւորեր, որ […]

Արարատ Միրզոյեան Փելոսիի Հետ Քննարկեց Հայ-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները

Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Յուլիս 16-ին հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ, կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան վարչութիւնը: […]

Ատրպէյճան Նախիջեւանի Կողմէ Կրակեց Ելփին Գիւղին Վրայ

 Ատրպեճանական բանակը, խախտելով հրադադարը՝ Յուլիս 17 -ի գիշերը Նախիջեւանի հատուածէն կրակոցներ արձակեց հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ: Լուրը հաստատեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Փամփուշտներէն մէկը ինկած է Ելփին գիւղի տուներէն […]