Արցախը Հայաստան է եւ Վերջ․ ՀՀ Վարչապետը Ներկայացուց Մինչեւ 2050թ. Ռազմավարական Նպատակները

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց մինչեւ 2050 թուականը զարգացման ռազմավարական նպատակները։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ իր ելոյթին ընթացքին՝ ՀՀ վարչապետը նշեց, որ պատեհ կը համարէ համազգային քննարկման ներկայացնել ռազմավարական նպատակադրումներու աշխատանքային տարբերակը, խնդիրներ, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է կարենայ լուծել մինչեւ 2050 թուական։

«Ըստ այդմ, մինչեւ 2050 թուական պէտք է կարենանք լուծել հետեւեալ խնդիրները․ Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել առնուազն 5 միլիոն մարդու, ստեղծել 1 միլիոն 500 հազար աշխատատեղ, լուծել 2,5 միլիոն մարդու զբաղուածութեան հարց եւ վերացնել աղքատութիւնը, Հայաստանը դարձնել արդիւնաբերական երկիր, տասնհինգապատկել Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը, ունենալ 10 միլիառ տոլար արժէքը գերազանցող առնուազն 5 հայկական արհեստագիտական ընկերութիւն եւ 10 հազար աշխատող նորաստեղծ, եօթնապատկել միջին աշխատավարձը, բանակի մարտունակութեան ցուցանիշով զբաղցնել աշխարհի յառաջատար երկիրներու առնուազն առաջին քսանեակին մէջ, ունենալ աշխարհի տասը ամենաարդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններէն մէկը, ապահովել առողջապահական ծառայութիւններու 100 տոկոսանոց հասանելիութիւն եւ առողջապահութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ, կրթութեան եւ գիտութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը հասցնել 15 միլիոնի, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը դարձնել Եւրոպայի եւ/կամ աշխարհի առաջնութեան մետալակիր, նուաճել 25 ողիմպիական ոսկէ մետալ եւ ճատրակի աշխարհի անհատական ախոյեանը»,- ընդգծեց Փաշինեան։

Վարչապետին խօսքով՝ շատերը պիտի հարցնեն, իսկ ինչո՞ւ Արցախի մասին ոչինչ ըսուած է․«Պատասխանը շատ պարզ,  որովհետեւ Արցախը Հայաստան է եւ վե՜րջ»։