Հայ Ժողովուրդն է Իր Ճակատագրի Որոշողն ու Պատասխանատուն. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան

Համահայկական խաղերուն ընդառաջ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հաւաք կազմակերպելու նպատակն է ուղերձ յղել հայութեան, անդրադարձ կատարել քանի մը կարեւոր հարցի: Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ իր ելոյթին մէջ՝ այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Կը խօսուի, թէ 2018-ին տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը նոր իրողութիւններ հաստատած է ՀՀ-ի մէջ: Կը խօսուի, որ այս նոր իրողութիւնները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պէտք է ունենան Սփիւռքի եւ Արցախի կեանքին վրայ: Այսօր կը քննարկուի, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ այդ ազդեցութիւնը: Ատոր համար նախ պէտք է գնահատել յեղափոխութեան էութիւնը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Ան ընդգծած է, որ 2018 թուականի իրադարձութիւնները կը կոչուէին ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւն: Ըստ անոր՝ անուանումը կը խօսի այն մասին, որ ինչպէս ծրագրուած էր, այնպէս ալ յեղափոխութիւնը իրականացուեցաւ ոչ բռնութեամբ: Յեղափոխութիւնը ցնցումներ չի բերաւ որեւէ ոլորտի մէջ՝ սկսեալ դրամատնային համակարգէն, մինջեւ տնտեսութիւն ու քաղաքականութիւն:

«Ժողովրդական բառը կ՝ընդգծէ ժողովուրդը, որ հանդէս եկաւ իբրեւ յեղափոխութեան շահառու: Ո՞ր ժողովուրդին մասին է խօսքը, արդեօ՞ք խօսքը միայն Հայաստանի ժողովուրդին մասին է: Այս հարցին պատասխանը կու տայ ՀՀ սահմանադրութեան նախաբանը»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը: Ան մէջբերած է այդ հատուածը Սահմանադրութենէն. «Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները, համազգային նպատակները, իրականացուցած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամը, նուիրուած Հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման, ապահովելու համար սերունդներու ազատութիւնը ընդհանուր բարեկեցութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութիւնը՝ հաւաստելով հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, կ՝ընդունի ՀՀ սահմանադրութիւնը»:

Վարչապետը նշեց, որ Սահմանադրութեան նախաբանով կ՝արձանագրուի, թէ ով է ՀՀ-ի հիմնադիրը, աւելի արտայայտիչ՝ սեփականատէրը: Ըստ անոր՝ արձանագրութիւնը միանշանակ է՝ հայ ժողովուրդն է իրաւատէրը, իր ճակատագրի որոշողն ու պատասխանատուն: Ասիկա գիտակցութիւն մըն է, որ նստած է իւրաքանչիւր հայու մէջ:

«2018 թուականի յեղափոխութիւնը նաեւ ատոր ապացոյցն է: Զարգացումները չսահամանափակուեցան միայն Հայաստանով: Հեռաւոր քաղաքներու մէջ ապրող հայերը հրապարակային ձեռնարկներով, հասարակական ցանցերու մէջ շարժումներով ունեցած իրենց ներդրումը: Շատերը եկան Հայաստան եւ իրենց համայնքներու ներկայութիւնը ապահովեցին Երեւանի մէջ: Իսկ ինչպիսի՞ դեր ունեցած է Արցախը: Հազարաւոր արցախցիներ, ուսանողներ, քաղաքական գործիչներ աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած են  յեղափոխութեան գործընթացներուն: Բաւական է ըսել, որ ամենաակատիւ դէմքերէն մէկը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ներկայ քարտուղարը, որ հաշուառուած էր Արցախի մէջ, մասնակցած է իբրեւ Արցախի հպարտ քաղաքացի»,- ըսած է ան:

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով յեղափոխութեան օրերուն արցախցին կրցաւ ամուր կայունութիւն ապահովել առաջնագծի վրայ, որ աննկարագրելի զօրութիւն եւ վստահութիւն տուաւ Հայաստանի յեղափոխութեան: Առաջնագծի վրայ ցանկացած սադրանք կրնար գլխիվար շրջել գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը եւ տանիլ անկանխատեսելի հետեւանքներու: Վարչապետը ընդգծած է, որ եթէ յեղափոխութեանէն առաջ եւ ետք Հայաստանը կանգնած է Արցախի թիկունքին, ուստի 2018 թուականի յեղափոխութեան ժամանակ Արցախը կանգնեցաւ Հայաստանի ու յեղափոխութեան թիկունքին՝ մեծ ուժ տալով այդ գործընթացին: Ատիկա չափազանց բարձր գնահատանքի արժանի իրողութիւն է:

«Այս ամէնը կ՝ըսեմ ոչ ամենեւին պատմական քայլի համար: Երբ կ՝ըսուի ժողովրդական յեղափոխութիւն՝ պէտք է հասկնալ համահայկական յեղափոխութիւն: Իր հերթին՝ համահայկական յեղափոխութիւն կը նշանակէ, որ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է համայն հայութեան մէջ, համայն հայութեան համար: Ասիկա իր հերթին կը նշանակէ, որ յեղափոխութեան արժէքները համահայկական են: Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է, սակայն չէ աւարտած, որովհետեւ արժէքներու ամրագրումը տեւական ընթացք է, որ պէտք է շարունակուի Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի մէջ»,- աւելցուցած է ան: