«Զուարթնոց»-ի Մէջ Տեղադրուած են Չուերթի Ինքնուրոյն Գրանցման Սարքեր

Հայաստան

Հայաստանի «Զուարթնոց» օդակայանի մէջ արդէն հասանելի են չուերթի ինքնուրոյն գրանցման սարքեր:

Այս մասին կը տեղեկացնէ «Զուարթնոց» օդակայանի «Ֆէյսպուք»-եան էջը:

«Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի մեկնողներու  սրահին մէջ տեղադրուած սարքերու միջոցով հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ չուերթի համար ինքնուրոյն գրանցուիլ:

Նշենք, որ սարքերէն առայժմ կրնան օգտուիլ միայն «Էյրոֆլոթ» ընկերութեան այն ուղեւորները, որոնք կը ճամբորդեն ձեռքի ուղեբեռով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: