ՀՅԴ-ի Երիտասարդները Մասնակցեցան «Ընկերվարութեան Եւ Ժողովրդավարութեան» Ակադեմիայի Ամառնային Հաւաքին

Աշխարհ, Հայաստան

24-28 Յուլիս Ուքրանիոյ Լվով քաղաքի մերձակայքը տեղի ունեցաւ  հոլանտական «Մաքս Վան Տեռ Շթոյել» հիմնադրամի, Ուքրանիոյ  Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան եւ Բրիտանիոյ  Աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպած «Ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան ակադեմիա»-ի տարեկան ամառնային հաւաքը:

Հաւաքին կը մասնակցէին երիտասարդներ 5 երկիրներէ` Հայաստան, Վրաստան, Մոլտովա, Ուքրանիա, Պիելոռուսիա: ՀՅԴ-էն կը մասնակցէին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Մարիամ Ռեւազեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամ Վարդան Պապիկեան:

Աշխատանքներու ընթացքին քննարկուեցան ընկերային արդարութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ ընկերվարական կուսակցութիւններու  գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը նշեալ երկիրներուն մէջ: Ուքրանական «Ընկերվար-ժողովրդավարութեան փլաթֆորմ» կազմակերպութեան անդամները իրենց քաղաքական փորձառութիւնը ներկայացուցին մասնակիցներուն:

Ծրագիրի շրջագիծին մէջ քննարկուեցան նաեւ աշխարհաքաղաքականութեան, փտածութեան դէմ պայքարին եւ մարդու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր:

Ակադեմիայի աշխատանքներուն ընթացքին մասնակիցները ձեռք բերին նոր հմտութիւններ ու գիտելիքներ, որոնք հետագային պիտի օգտագործեն իրենց հետագայ քաղաքական գործունէութեան մէջ: