800 Հազար Տոլար` «COVID-19 Հայաստան. Միասին Յաղթահարենք Համաճարակը» Դրամահաւաքին

 «Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը հաղորդէ, որ ամփոփած է «COVID-19 Հայաստան. միասին յաղթահարենք համաճարակը» առցանց դրամահաւաք-արշաւի արդիւնքները: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, միանալով COVID-19 համաճարակի դէմ մղուող պայքարին, այս տարուան Մարտ 18-էն նախաձեռնած […]

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը 6 Ամսուան Մէջ Նուազած է 4.7%

Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը այս տարուան Յունուար-Յունիսին 4.7 տոկոսով նուազած է 2019-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալները: Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աճած է 1.5 տոկոսով, […]

Զերծ Մնալ Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն. ՄԽ Համանախագահներուն Կոչը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը` Ռուսիայէն, Սթեֆան Վիսքոնթին` Ֆրանսայէն, Էնտրիւ Շոֆըրը` Միացեալ Նահանգներէն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Գասպրչիքը յայտարարութիւն հրապարակեցին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու բախումներուն […]

Հակառակորդի Դիպուկահարի Կրակոցէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Զոհուած Է

ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին մէջ, Յուլիս 27-ին, ժամը 01.10-ի սահմաններուն, հակառակորդին կողմէ դիպուկահար հրազենէ արձակուած կրակոցէն զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Աշոտ Գէորգի Միքայէլեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը […]

Արցախի Ականազերծման Ծրագիրը Պիտի Շարունակուի․ 1lurer.am-ի Տեղեկատւութիւնը ԱՄՆ-էն

Արցախի ականազերծման ծրագիրը, որ նախապէս կասեցուած էր, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի այս շաբթուան որոշումով պիտի շարունակուի։ Լոպինկի գծով վճռական դերը կը պատկանի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։ Տրամադրուելիք գումարը 1․4 միլիոն տոլար […]

Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարանին Յայտարարութիւնը՝ Գռուզեան-Զաքարեան Վարժարանին Դէմ Վանտալութեան Արարքին Վերաբերեալ

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսարանը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ 23 Յուլիսին, Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարաեան վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին դէմ կատարուած վանտալութեան արարքին վերաբերեալ: Ատրպեճանական արտայայտութիւններով «կրաֆիթի»ներ […]

ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Դէմ Գործողութիւնները Կ՛ուղղորդուին Ազրպէյճանի Պետական Կառոյցներուն Կողմէ․ ԱԳՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերուն կոչ կ՛ընէ զգօնութիւն ցուցաբերել, սադրանքներու չտրուիլ: ԱԳՆ խօսնակին տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Վերջին շրջանին կ՛արձանագրուին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ՀՀ քաղաքացիներու, […]

Հայաստանի Մէջ Թոքերու Օդափոխութեան 493 Սարք Կայ․ Ձեռք Բերուած Են Չինաստանէն եւ Զուիցերիայէն

Հայաստանի մէջ Յուլիս 20-ի դրութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխութեան 493 սարք կայ, PanARMENIAN.Net-ին տեղեկացուցած են Առողջապահութեան նախարարութենէն: 2020-ի ընթացքին ձեռք բերուած արհեստական օդափոխութեան սարքերը Չինաստանի եւ Զուիցերիոյ արտադրութեան են: Նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, […]

Տաւուշի Սահմանապահ Համայնքները Հզօրացնելու Նպատակով Նուիրաբերեցէք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին

Տաւուշի սահմանապահ համայնքները հզօրացնելու նպատակով նուիրաբերեցէք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին` ֆէյսպուքի իր էջին վրայ այս կոչով դիած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

ԱԱԾ-ն Բացայայտած է Տեղեկութիւններ Ստանալու Ազրպէյճանի Փորձերը

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու կողմէ տեղեկութիւններ ստանալու փորձերը: ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն կը յայտնեն, որ Ազրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցները կ՛օգտագործեն ՀՀ տարբեր բջջային գործարկող ընկերութիւններու հեռախօսահամարներ […]