Հայաստան-Սփիւռք Կամուրջը Ամրապնդելու Համար Պէտք է Ապահովել Կամուրջի Երկու Կողմերը Գտնուող Ապագայ Սերունդներուն Կապը. ՀՀ Նախագահի Տիկնոջ Հեռավար Զրոյցը Հալէպի «Քարէն Եփփէ» Վարժարանի Աշակերտներուն եւ Ուսուցչական Կազմին Հետ (տեսանիւթ)

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն հետ հեռավար հանդիպումներու ծիրէն ներս՝ Հանրապետութեան նախագահի տիկինը՝ Նունէ Սարգսեան այս անգամ առցանց զրոյց ունեցած է Հալէպի «Քարէն Եփփէ» վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի

Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու հետ նման հեռավար հանդիպումները կ՝իրականացուին «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն ուսուցողական կայքին նախաձեռնութեամբ: Մինչ այս՝ տիկին Նունէ Սարգսեան նմանատիպ հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ Քուէյթի հայկական ազգային վարժարանի եւ Պոսթընի «Սուրբ Ստեփանոս» ազգային վարժարանի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու հետ:

Առցանց հանդիպումներուն այս շարքը նպատակ ունի նպաստելու կրթական հաստատութիւններու միջոցով Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: Կողմերուն միջեւ քննարկուած են արեւմտահայերէնի հզօրացման ուղղուած հարցեր եւ քայլեր, որոնք «քորոնա» ժահր համավարակի պայմաններուն անգամ ամուր կը պահեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթօճախներուն միջեւ կապը: Ասիկա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աշակերտներուն համար շփուելու իրարու հետ: Այդ նպատակի իրագործման համար նշուած առցանց հանդիպումներուն ընթացքին տիկին Սարգսեանի կողմէ առաջարկուած են շարք մը գաղափարներ եւ նախաձեռնութիւններ: Անոնցմէ է «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութիւնը, որուն ծիրէն ներս, մասնաւորապէս, կը նախատեսուի Հայաստանի եւ արտերկրի հասակակից աշակերտներու միջեւ նորագոյն արհեստագիտութիւններու միջոցով նամակներու փոխանակումը:

Հալէպի «Քարէն Եփփէ» վարժարանի աշակերտներու եւ ուսուցչական կազմի հետ հանդիպման ընթացքին՝ տիկին Սարգսեան անդրադարձած է հայոց լեզուի երկու հիմնական ճիւղերուն՝ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ բարբառներուն՝ նշելով, որ բարբառները մեր լեզուի հարստութիւնն են: Ան կոչ ըրած է աշակերտներուն ուսումնասիրելու արեւելահայերէնը եւ նոյնքան լաւ տիրապետելու, որքան արեւմտահայերէնը:

Այդ ծիրէն ներս՝ տիկին Սարգսեան անդրադարձած է «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան՝ ընդգծելով, որ անիկա հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն զարգացնելու իրենց հայերէնը, այլեւ՝ աշխուժօրէն շփուելու Հայաստանի իրենց հասակակիցներուն հետ:

Տիկին Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի երկու դպրոցներ՝ Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր համայնքի Լեւոն Ադամեանի անուան միջնակարգ դպրոցը եւ Շիրակի մարզի Գիւմրիի ակադեմիական վարժարանը պատրաստակամութիւն եւ ուրախութիւն յայտնած են կապուելու Հալէպի վարժարանին հետ: «Հաշուի առնելով Տաւուշի վերջին իրադարձութիւնները՝ այնտեղ ապրող երեխաները յատուկ ուշադրութեան կարիք ունին»,– ըսած է տիկին Նունէ Սարգսեան: Ան յոյս յայտնած է, որ դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ շարունակական ընկերական յարաբերութիւններ պիտի ձեւաւորուին, եւ հալէպահայ երեխաները՝ Հայաստան ապագայ այցի ընթացքին՝ Տաւուշի եւ Գիւմրիի մէջ պիտի հանդիպին իրենց բարեկամ հասակակիցներուն:

Օրերս «Գրչի ընկեր» սկզբունքի հիման վրայ հանդիպում տեղի ունեցած էր Քուէյթի ազգային վարժարանի եւ Երեւանի Յակոբ Օշականի անուան դպրոցի միջեւ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ երկու դպրոցներըյայտարարուած էին քոյր դպրոցներ:

Հետաքրքրական համաձայնութիււններ եղած են «Գրչի ընկեր» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս: Տիկին Սարգսեանի քաջալերանքով՝ Քուէյթի ազգային վարժարանի եւ Յակոբ Օշական դպրոցի ուսուցչական կազմի եւ աշակերտներու առցանց հանդիպման ընթացքին անոնք փոխանակած են ելեկտրոնային փոսթի հասցէները՝ համաձայնելով նամակագրական կապ հաստատել: Ներկայիս ընթացքի մէջ է նաեւ տիկին Նունէ Սարգսեանի՝ Քուէյթի վարժարանի սաներուն ուղղուած այլ առաջարկ մը՝ արեւմտահայերէնով բանաստեղծութիւններու մրցոյթը, որուն վերջնաժամկէտը Սեպտեմբեր 1-ն է, իսկ արդիւնքները պիտի ամփոփուին Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի անկախութեան օրը:

Իսկ Հալէպի վարժարանի աշակերտներուն՝ տիկին Սարգսան առաջարկած է Հայաստանի դպրոցներու հետ իրականացնել արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն թարգմանչական մրցոյթ: Յաղթողներուն կը սպասուին պարգեւներ` Հանրապետութեան նախագահի կողմէն: Այլ՝ իրենց բնակավայրերու լուսանկարներու առցանց ցուցահանդէսի գաղափարը հաւանութեան արժանացուցած են թէ՛ աշակերտները, թէ՛ ուսուցիչները: Լաւագոյն աշխատանքները պիտի տեղադրուին «Հայկաշխարհ» եւ Հանրապետութեան նախագահի՝ երեխաներու համար նախատեսուած կայքերուն մէջ:

«Մեր նպատակն է կամուրջ ստեղծել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ: Ես ամբողջ կեանքիս ընթացքին Սփիւռքի հետ կապուած եղած եմ՝ թէեւ երեւանցի եմ: Ես շատ բարձր կը գնահատեմ Սփիւռքի դերը: Հայերը երկու անգամ աւելի զօրաւոր ժողովուրդ են, որովհետեւ ունին Սփիւռքի հետ կապը: Հայաստան-Սփիւռք կամուրջը ամրապնդելու համար մենք պէտք է ապահովենք ապագայ սերունդներուն կապը: Յոյսով եմ՝ վարակը յաղթահարելէ ետք կապի մէջ պիտի ըլլան ոչ միայն համակարգիչով, այլեւ՝ դէմ առ դէմ, յատկապէս՝ մեր երեխաները»,– ընդգծած է տիկին Սարգսեան:

Քննարկման երկրորդ հատուածին՝ Հալէպի վարժարանի ուսուցիչները ներկայացուցած են «քորոնա» ժահր համավարակի պայմաններուն մէջ հեռավար ուսուցման դժուարութիւններուն վերաբերող հարցեր: Անոնք ողջունած են տիկին Նունէ Սարգսեանի առաջարկները եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ զանոնք դարձնելու իրականութիւն:

Ամփոփելով զրոյցը՝ տիկին Սարգսեան հանդիպման մասնակիցներուն մաղթած է առողջութիւն՝ յոյս յայտնելով, որ նմանատիպ հանդիպումները շարունակական ըլլան:

1