Տաւուշի Մարզի Բերդ Համայնքը Սեպտեմբերէն ԹՈՒՄՕ Տուփ Պիտի Ունենայ

Այլեւայլ, Հայաստան

Սեպտեմբերէն սկսեալ սահմանամերձ Բերդի մէջ պիտի գործէ առաջին ԹՈՒՄՕ տուփը:

Հայաստանի կառավարութիւնը 30 Յուլիսի նիստին որոշում տուաւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին անհատոյց օգտագործման իրաւունքով հողամաս տրամադրելու Տաւուշի մարզի Բերդ համայնքին մէջ՝ ԹՈՒՄՕ-ի տուփի տեղադրման համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն:

ԹՈՒՄՕ տուփը դիւրութեամբ տեղաշարժող, քիչ ծախսեր պահանջող, սակայն արհեստագիտութեամբ յագեցած մինի-ԹՈՒՄՕ է: Անիկա հնարաւորութիւն կու տայ հեռաւոր եւ փոքր համայնքներու պատանիներուն հասանելի դարձնել ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագիրը: Անիկա կարելիութիւն կու տայ 320 պատանիներու հետեւելու արհեստագիտական եւ ձեւագիտական նորագոյն ուսուցումներուն։

Նիկոլ Փաշինեան՝ Տարածքային կառավարման նախարար Սուրէն Պապիկեանի ներկայացուցած նախագիծին անդրադառնալով՝ ըսաւ. «Հիմա, երբ մենք կը քննարկենք սահմանամերձ համայնքներու զարգացման մեր ռազմավարութիւնները, պէտք է արձանագրել, որ մեր բոլոր ռազմավարութիւններուն հիմքին վրայ պարտադիր առկայ է կրթական բաղադրիչը: ԹՈՒՄՕ-ի մուտքը Բերդի տարածաշրջան, մարզերուն մէջ նման ենթակառուցուածքներու ստեղծումն ու համաչափ զարգացումը այդ իմաստով շատ կարեւոր է»:

Ըստ Փաշինեանի՝ շուտով Բերդի եւ մօտակայ բնակավայրերու ուսանողները ինքնուսուցման կրնան հետեւիլ իրենց ապրած շրջանին մէջ, իսկ գործնական դասընթացներու համար կ՛երթան ԹՈՒՄՕ Դիլիջան՝ շնորհիւ Տաւուշի մարզպետարանին տրամադրած փոխադրամիջոցներուն:

«Անչափ շնորհակալ ենք կառավարութեան ԹՈՒՄՕ-ի առաքելութեան աջակցելու համար: Նման ձեւաչափով կը նախատեսենք մեր ծրագիրը ընդլայնել Հայաստանի ու Արցախի ամբողջ տարածքին՝ արդէն գործող ու նոր բացուող ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն հետ ստեղծելով մեծ ԹՈՒՄՕ ցանց: ԹՈՒՄՕ տուփերուն յաջորդ նպատակն է Գաւառը՝ DOT818 ընկերութեան հովանաւորութեամբ: Յուսանք, միւս մարզերուն մէջ նոյնպէս պիտի գտնենք պետական մարմիններու, գործընկերներու եւ հովանաւորներու աջակցութիւնը»,- նշեց ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան: