Պաշտօնական Պաքուն Չէ Հրաժարած Իր Հայատեաց Եւ Ռազմատենչ Քաղաքականութենէն. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստան

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մասնակցած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական հաւաքներու ամփոփիչ խորհրդակցութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ԱՀ նախագահի Facebook-ի էջին վրայ կատարուած գրառումէն։

Նախագահը ներկայացուցած է բարձրաստիճան սպայական անձնակազմին ուղղուած իր ելոյթէն քանի մը շեշտադրում, որոնց մէջ յատկապէս անդրադարձած է Տաւուշի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ Ազրպէյճանի շարունակող հակահայ քաղաքականութեան.

«Պաշտօնական Պաքուն չէ հրաժարած իր հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութենէն: Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի Տաւուշի հատուածին վրայ հրահրուած բախումները, ապա Թուրքիոյ յարձակողական ու բացայայտ ներգրաւումը Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ ռազմատենչ գործողութիւններու մէջ՝ մէկ անգամ եւս կը հաստատեն այն իրողութիւնը, որ բանակաշինութեան ոլորտը եղած է եւ կը մնայ մեր պետութեան կենսագործունէութեան ամենագերակայ ուղղութիւնը, եւ մենք պէտք է ընենք առաւելագոյնը՝ բանակի զարգացման ու զօրացման համար:

«Թէ՛ արդի սպառազինութեան եւ ռազմամթերքի ձեռքբերումը, թէ՛ ճարտարագիտական նոր կառոյցներու ստեղծումը պաշտպանութեան գօտիի ամբողջ խորութեամբ, թէ՛ սպայական անձնակազմի ընկերային խնդիրներուն լուծումը մշտապէս պիտի կրեն շարունակական բնոյթ՝ գտնուելով Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ողջ ժողովուրդի յատուկ ուշադրութեան կեդրոնին վրայ: Հայ զինուորականը պէտք է ապահովուած ըլլայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով թէ՛ հայրենիքի պաշտպանութեան, եւ թէ սեփական ընտանիքի կարիքները հոգալու համար:

«Մեր բանակը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ հզօր ու մարտունակ՝ միշտ պատրաստ պաշտպանելու հայրենի երկրի սահմանները, հարազատ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը: Ասիկա ազգային օրակարգի հարց է, եւ, համատեղելով համայն հայութեան ջանքերն ու ներուժը, մենք պիտի ընենք առաւելագոյնը զայն յաջողութեամբ լուծելու համար»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահը: