Մնացականեան եւ Մայիլեան Ընդգծած Են Հրադադարի Վերահսկման Մեքենականութիւններու Ներդրման Հրամայականը

Հայաստան

Լուսանկարը՝ Armenpress.am-ի

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Յուլիս 31-ին, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի մարզի հատուածին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սահմանամերձ քաղաքացիական բնակչութեան եւ ենթակառուցուածքներու թիրախաւորմամբ ուղղակի զինուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Կողմերը ընդգծած են, որ հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութիւնը միտումնաւոր կերպով սրելու Ազրպէյճանի հերթական փորձը լուրջ հարուած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ մէկ անգամ եւս ի ցոյց կը դնէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններուն նկատմամբ բացայայտ քամահրական վերաբերմունքը։ Այս ծիրէն ներս, կարեւոր համարուած է գործուն քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ զսպելու նոր յարձակում սանձազերծելու Ազրպէյճանի նկրտումներն ու այդ երկրի իշխանութիւնները բերելու կառուցողական դաշտ։ ԱԳՆ ղեկավարները ընդգծած են հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան վտանգի նուազեցման եւ հրադադարի վերահսկման միջազգային մեքենականութիւններու ներդրման հրամայականը։

Մասիս Մայիլեան եւ Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատած են հայկական երկու պետութիւններուն միջեւ անվտանգութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան նոր բովանդակութիւն հաղորդելու արդիականութիւնը։ Այս ծիրէն ներս անդրադարձած են նշուած ոլորտին մէջ համագործակցութեան իրաւական հիմքերու զարգացման անհրաժեշտութեան՝ հաշուի առնելով ընդհանուր անվտանգութեան մարտահրաւէրները։ Այս առնչութեամբ կողմերը ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ ապակայունացնող քաղաքականութիւն ներմուծելու անընդունելիութիւնը եւ անոր վճռական մերժումը:

Հանդիպմանը մասնակցել է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան։