Category: Հայաստան
Որպէսզի Հայաստանի Կողմէ Կատարուելիք Օժանդակութիւնները Օգտաշատ Ըլլան. Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ՀՀ Վարչապետի Միջեւ
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ […]
Սուրբ Էջմիածինի Մէջ Հոգեհանգիստ՝ Պէյրութի Ուժգին Պայթումի Զոհերու Յիշատակին (տեսանիւթ)
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սուրբ Տրդատի բաց խորանին մօտ, Օգոստոս 9-ին, մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչը եղած է Մայր Աթոռի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Ասողիկ աբեղայ […]
Հայաստանէն Օգնութեան Առաջին Խմբաքանակը Արդէն Պէյրութ Հասած Է
Հայաստանէն օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Պէյրութ։ Այս մասին Twitter-ի էջին վրայ գրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան։ «Հայաստանի կողմէ եղբայրական Լիբանանին տրամադրուելիք օգնութեան երեք խմբաքանակներէն առաջինը […]
Հայ Ազգային Եւ Եկեղեցական Կառոյցներու Համախմբուած Գործողութիւնները Զօրեղ Աջակցութիւն Պիտի Ըլլան՝ Յաղթահարելու Այս Ճգնաժամը
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակ յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ «Ցնցուած եմ ու խոր ցաւ կ՝ապրիմ […]
ՀՕՄ-ը` Լիբանանի եւ Լիբանանահայութեան Կողքին
Հայ Օգնութեան Միութիւնը խորապէս կը ցաւակցի Լիբանանի մէջ այսօրուան 4/8/2020, պատահած աղէտին հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն: Մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի ժողովուրդին եւ մեր հայրենակիցներուն, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր […]
Արցախը՝ Լիբանանին. ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւոր
Oգոստոս 4-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումը մարդկային կորուստներ ու աւերածութիւններ պատճառած է Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց մէջ նաեւ՝ տեղի հայ համայնքին: Աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն […]
Զօրակցութիւն ու Համերաշխութիւն. Հայաստանի Խորհրդարանի Շէնքը Լուսաւորուեցաւ Լիբանանի Դրօշի Գոյներով
Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը՝ իբրեւ աջակցութիւն բարեկամ Լիբանանի՝ ժամը 21։00-ին, լուսաւորուեցաւ այդ երկրի ազգային դրօշի գոյներով: Լիբանանի դրօշի գոյներով լուսաւորուած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը։ Նշենք, որ Երեւանն ու Պէյրութը […]
ՀՀ Նախագահը Լիբանանի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակն Ու Լիբանանահայութեան Խնդիրները Քննարկած է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ
Օգոստոս 6-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու լիբանանահայութեան հետ կապուած խնդիրները քննարկած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի […]
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Լիբանանահայերուն Օգնելու Համար Դրամահաւաք Սկսած է
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Լիբանանի հայերուն աջակցելու համար առցանց դրամահաւաք սկսած է: «Տարիներ շարունակ Լիբանանի հայ համայնքը մեծ նուիրումով սատարած է թէ Հայրենիքին, թէ սփիւռքի համայնքներուն: Այժմ մեր գործելու ժամանակն է»,- նշած […]
Կառավարութիւնը Մօտ 278 Միլիոն Դրամ Կը Յատկացնէ Հակառակորդի Հրետակոծութենէն Տուժած Սահմանապահ Գիւղերուն
ՀՀ կառավարութիւնը շուրջ 278 միլիոն դրամ յատկացուց Տաւուշի մարզի սահմանամերձ համայնքներուն մէջ ռմբակոծութենէն տուժած բնակիչներուն կրած վնասները վերացնելու, ինչպէս նաեւ հանրային դպրոցներու անվտանգութեան բարձրացման եւ բարեկարգման աշխատանքներու իրականացման համար: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` […]










