Ցեղասպանութեան Ուղղակի Եւ Հրապարակային Հրահրումը Կը Քրէականացուի

Հայաստան

Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ ներկայացուած օրէնքի նախագիծը, որուն միջոցաւ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողովի նիստին քուէարկութեամբ ստացաւ 121 թեր ձայն:

Նախագիծով կը սահմանուի, որ Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ հրապարակային հրահրումը կը պատժուի բանտարկութեամբ՝ ութէն տասը տարի ժամկէտով: Նոյն արարքը եթէ կատարուի զանգուածային լրատուութեան միջոցներով կամ համակարգչային համակարգի միջոցով, խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ՝ կը պատժուի 10-14 տարուան բանտարկութեամբ։

Նոյն արարքը եթէ կատարուի կազմակերպուած խումբի կողմէ, պաշտօնական դիրքը օգտագործելով` կը պատժուի 14-20 տարուան  կամ ցման բանտարկութեամբ։