ՆՇՄԱՐ.- Թուրք-ազերիական Նո՛յն Ստորագրութիւնը. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողքի սրահը հրձիգութեան մը զոհը դարձաւ եւ լուրջ վնասներու ենթարկուեցաւ Հինգշաթի, 17 Սեպտեմբերի կնուխ առաւօտուն:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ ոճրային այս արարքին տակ կայ ստորագրութիւնը թուրքին ու ազերիին: Այդ ստորագրութիւնը աւելի բացայայտ տառերով արձանագրուած էր շուրջ 2 ամիս առաջ, երբ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան վարժարանի շէնքը նմանապէս գիշերով խափանարարութեան թիրախ դարձած էր. անոր պատերուն երեւցած էին Ատրպէյճանի դրօշակին գծանկարները, հայերուս ուղղուած վարկաբեկիչ խօսքեր ու հայհոյանքներ:

Թրքօ-ազերի ստորագրութիւնը «մենաշնորհը» չէ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր օճախին: Անիկա աւելի քան երկու տարի առաջ երեւցած էր Լոս Անճելըսի հայկական երկու վարժարաններու՝ Ֆերահեանի ու Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեանի շրջափակին մէջ: Վերջերս, անիկա հասաւ Փարիզ՝ պղծելով Ցեղասպանութեան իրողական զոհերէն՝ Կոմիտաս Վարդապետի յուարձանը. անիկա շրջագայութեան ելած է նաեւ հայկական տարբեր օճախներու մէջ, գտնելով տարբեր արտայայտութիւններ, սակայն ծնունդ առնելով միեւնոյն ոճրային յղացքէն: Օրինակի համար, անիկա այլ «տառատեսակով» արձանագրուեցաւ այն ցոյցերուն, որոնք տեղի ունեցան ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքներու մէջ, Տաւուշի վրայ ազերիական յարձակումը դատապարտող հայ երիտասարդներու ցոյցերուն դէմ: Միեւնո՛յն ստորագրութիւնը կը կրէին Տաւուշի վրայ յարձակումը, թուրք-ազերիական միացեալ ռազմափորձը, աւելի քան 4 տարի առաջ տեղի ունեցած Ապրիլեան պատերազմը, հայ սպայի մը եւ Հրանդ Տինքի մը վատարի սպանութիւնները: Չենք կրնար մոռնալ Լիբանանի հայութեան ուղղուած՝ ցեղասպանութիւնը կրկնելու նորագոյն սպառնալիքները: Շղթան կ’երկարի մինչեւ Պաքու ու Սումկայիթ, կը հասնի մինչեւ Ցեղասպանութիւն ու Համիտեան ջարդեր: Կարմիր շղթային օղակները անհատնում են: (Անիկա կ’երեւի նաեւ հայկական շրջագիծէ դուրս՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ, Թուրքիոյ աջակցութիւնն ու հովանին վայելոչ՝ «իսլամ ծայրայեղականներ»ու կազմակերպած ջարդերով):

***

Հասած է պահը, երբ ճակատաբաց պէտք է յայտարարել, որ չենք կրնար բաւարարուիլ դատապարտումի, զօրակցական եւ վշտակցութեան խօսքերով: Այդ բոլորը ողջունելի են, գնահատելի են նաեւ հետապնդումի եւ հրձիգները քողազերծելու անկեղծ խոստումները: Այդ մասին ո՛չ մէկ խօսք, սակայն… «խօսքով ապուր չ’եփիր»:

Իրաւունք ունինք ակնկալելու, աւելի՛ն՝ պահանջելու, որ սկսելով Սան Ֆրանսիսքոյի պետական ու ապահովութեան պատասխանատուներէն, անցնելով Քալիֆորնիոյ ու Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն իշխանութիւններէն, ու հասնելով մինչեւ աշխարհի ամէնէն ազդու հեղինակութիւնները, ամերիկեան, եւրոպական եւ ասիական ափերու վրայ, անցնին թրքական ու թրքատիպ այս արարքները դատապարտելէ անդին, գործնական քայլերու դիմեն Էրտողաններուն, Ալիեւներուն ու անոնց մեղսակից կամակատարներուն դէմ: Սա միայն հայութեան կամ անոր մէկ հատուածին դէմ ոճիր ու սադրանք չէ, այլ անիկա ուղղուած է ամբողջ հայութեան, ու անոր ճամբով՝ քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ, ինչպէս որ Արցախի ու Տաւուշի վրայ յարձակումները թիրախ ընտրած էին ողջ հայութիւնը, առանց վայրի ու քաղաքական պատկանելիութեան խտրութեան:  Պէտք ունի՞նք աշխարհին յիշեցնելու, որ նոյն ստորագրութեան տէրերէն՝ Էրտողան վերջին շաբաթներուն ասպարէզ կը կարդայ աշխարհին, կ’անտեսէ իր աշխարհակալական ծրագիրները դատապարտողները, ինքնազսպումի կոչ ուղղողները:

Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի փոքրագոյն ոճիրներուն եւ մասնակի թուացող սարդանաքներու վրայ աչք փակելը, անոնց հետ այս կամ այն հաշիւն ու հին-նոր բարեկամութիւնները պաշտպանելը համազօր են անուղղակի մեղսակցութեան, ուղղակի քաջալերանքի: Մենք՝ հայերս, սկսելով Հայ Դատի սպասարկուներէն մինչեւ կուսակցութիւններ, դիւանագիտական ցանց եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւններ, տրամադրի չենք կուլ տալու նման լեղի դեղահատեր: Պէտք է կրկին ու կրկին յիշեցնենք բոլորին, աշխարհի մեծերուն գլուխները մրճահարենք անընդհատ, պահանժելով, որ թուրք-ազերիական նման ստորագրութիւններ պէտք է վերջ գտնեն, Էրտողաններն ու Ալիեւները, իրենց կամակատարներուն հետ, պէտք է ձերբակալուին, աշխարհը պէտք է ձեւը գտնէ ձերբազատելու նոր-հիթլերական ձգտումներ սնուցանողներէ, ի՛նչ ալ որ ըլլան անոնց երկիրներէն սպասուած՝ քարիւղաբոյր կամ ռազմական-ռազմավարական շահերը: