Թուրքիա Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անմիջապէս Հեռանալու Ազրպէյճանի Բռնագրաւեալ Հողերէն

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիա կոչ ուղղած է Հայաստանին` յարգելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ու ԵԱՀԿ-ի որոշումները եւ անմիջապէս հեռանալու «իր բռնագրաւած ազրպէյճանական հողերէն»: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան արաբերէն ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին չորեքշաբթի օր «Աշխարհաքաղաքական շրջանային բեւեռացումն ու թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները» խորագիրով առցանց դասախօսութեան մը ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Եաւուզ Սալիմ Քըրան:

«Հայաստանի նախայարձակ քաղաքականութիւնները մեծագոյն արգելքը կը նկատուին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան»,- նշած է Քըրան:

«Թուրքիան աջակցութիւն կը տրամադրէ`  Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական Ղարաբաղ շրջանի բռնագրաւումի հարցը խաղաղ ճամբով, միջազգային օրէնքի եւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հիմամբ լուծելու համար», յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը` աւելցնելով. «Հայաստանը պէտք է յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ու ԵԱՀԿ-ի որոշումները եւ անմիջապէս հեռանայ ազրպէյճանական բռնագրաւեալ հողերէն»: