Անկախութեան Օրուան Լուսաւոր Խորհուրդը Հրաւէր է Ազգիս Զաւակներուն Վերարժեւորելու Անցած Դժուարին Ուղին․ Գարեգին Բ.

Հայաստան, Սփիւռք

Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորական ուղերձ յղած է ՀՀ Անկախութեան տօնին առիթով.

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք բարեպաշտ մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս եւ կը շնորհաւորենք Անկախութեան տօնին բերկրալի առիթով։

Շուրջ երեք տասնամեակ առաջ մեր ժողովուրդը Տիրոջ օրհնութեամբ կեանքի կոչեց անկախ պետականութիւնը վերահաստատելու իր դարաւոր իղձը եւ յուսավառ սրտով նուիրուեցաւ իր ազատ, նոր կեանքի կերտման։ Միշտ պարծանքով պիտի յիշուին այս տարիներուն համայն հայութեան միասնական զոհողութիւններն ու յանձնառութիւնները, որոնցմով հայրենաշէն բազում ծրագրեր ու նախաձեռնութիւններ իրագործուեցան՝ վկայելով, որ մեր հաւաքականութեամբ ու միասնութեամբ մեր կեանքին մէջ կ՝արձանագրուին յաջողութիւններ ու յաղթանակներ։ Անկախութեան օրուան լուսաւոր խորհուրդը հրաւէր է ազգիս զաւակներուն վերարժեւորելու անցած դժուար ուղին, մնալու հաստատուն՝ ազատ ապրելու եւ արարելու, մեր պետականութիւնը շէնցնելու ձգտումի ու նուիրումի մէջ։

Այսօր, սիրելիներ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մեզի կը զօրացնեն անկախութեան տարիներու ձեռքբերումներն ու նուաճումները եւ հայրենիքի հանդէպ դրսեւորած սէրը մեր ժողովուրդի, որ սխրանք դարձաւ մեր սահմաններուն մէջ, նուիրում՝ կրթօճախներուն մէջ, արգասաւոր ջանքեր՝ արուեստի, գիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ Յիրաւի, ողջ հասարակութեան յանձնառութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կ՝ամրանայ պետականութիւնը, կը յառաջադիմէ իւրաքանչիւրի ջանք ու աւանդով։ Ամուր պահենք միաբան ու նուիրեալ մեր ընթացքը՝ քաջ գիտակցելով, որ «միաբանութիւնն է մայրը բարի գործերու» (Եղիշէ)։

Աղօթք բարձրացնենք առ Բարերարն Աստուած, որ խաղաղ ու ապահով պահէ հայրենի մեր երկիրը եւ զօրացեալ՝ մեր ժողովուրդի սէրն ու պատասխանատւութիւնը մեր պետականութեան հանդէպ, որպէսզի մեր հայրենիքը շէննայ ու պայծառանայ, եւ մեր զաւակները սերունդէ սերունդ շարունակեն արժեւորել Անկախութեան օրուան պանծալի խորհուրդը։

Թող մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սէրը, ողորմութիւնը եւ շնորհները ըլլան մեր հետ եւ բոլորին այսօր եւ միշտ. ամէն»։