ՀՀ Կառավարութիւնը Եռաբլուրի Մէջ Յարգեց Անկախութեան Համար Զոհուած Հայորդիներու Յիշատակը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան, ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ, ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ծաղիկներ դրած են եւ յարգանքի տուրք մատուցած իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: