Միացեալ Նահանգները Հաւատարիմ Կը Մնայ ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Օգնելու Հարցիմ. ԱՄՆ Պետքարտուղար

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ պետքարտուղար Մայք Պոմպէոն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անունով կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը` անկախութեան օրուան առիթով` ի յիշատակ Խորհրդային Միութենէն անկախութեան հռչակման: Միացեալ Նահանգները յանձնառու է շարունակելու կառուցել մեր երկկողմ գործընկերութիւնը, քանի որ մենք կ՝ամրապնդենք մեր ժողովուրդներուն կապերը` հիմնուած ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու եւ խաղաղութեան, բարգաւաճման վրայ»,- ըսուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Միացեալ Նահանգները կ՝ողջունէ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, անկախ դատական համակարգի ստեղծման եւ տնտեսական, ներդրումային հնարաւորութիւններու մեծացման հարցով Հայաստանի շարունակական յանձնառութիւնը: ԱՄՆ-ն կ՝ողջունէ նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի Հայաստանի շարունակական ջանքերը՝ թափանցիկութեան, պատշաճ ընթացակարգերու եւ քաղաքացիներու առջեւ պատասխանատւութեան բարձրացման միջոցով, եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին այս ջանքերուն մէջ:

«Մենք նաեւ հաւատարիմ կը մնանք  Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման օգնելու հարցին եւ կողմերը կը հորդորենք հնարաւորինս շուտ վերսկսելու առարկայական բանակցութիւնները Մինսկի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ»,- նշած է ԱՄՆ պետքարտուղարը եւ հայ ժողովուրդին մաղթած խաղաղութեան, ազատութեան եւ բարեկեցութեան տարի: