«Միասնութեան» Հաւաք Լոս Անճելըսի Մէջ՝ Յաջակցութիւն Արցախի

Նոյեմբեր 9-ին, տեղական ժամանակով 19:00-ին, ՀՅԴ-ի, ԱՄՆ-ի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ «Միասնութեան» հաւաք տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ: Ամերիկահայերը հաւաքը կը կազմակերպեն ի զօրակցութիւն Հոկտեմբեր […]

Պոլսահայ Գործիչներու Մեկնաբանութիւնները՝ Հայ-թուրք-ազրպէյճանական Գործընթացներուն Մասին

Թրքական «Gazetekarınca» լրատուամիջոցը «Պաքու-Երեւան բանակցութիւններ․ հնարաւո՞ր է խաղաղութեան պայմանագիր» վերնագրով յօդուածով ներկայացուցած է Միրզոյեան-Պայրամով ուաշինկթընեան հանդիպումը։ Ապա՝ Հայաստան-Ազրպէյճան գործընթացին մասին, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր, «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան անդամ Կարօ Փայլանի […]

Սթրազպուրկի Քաղաքային Խորհուրդը Հայաստանին Աջակցելու Մասին Բանաձեւ Ընդունած է

Սթրազպուրկի քաղաքային խորհուրդը, 7 Նոյեմբերին, միաձայնութեամբ ընդունած է Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին բանաձեւ մը, որ ներկայացուցած էր խորհուրդի անդամ Փիեռ Եակուբովիչ (M. Pierre JAKUBOWICZ)։ «ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ բանաձեւին մէջ ընդգծուած է, […]

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակներ Յղեց Զուիցերիոյ Խորհրդարանի Երկու Պալատներու Նախագահներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 19 Հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան յղեց նամակ մը` խնդրելով հանդիպման ժամադրութիւն` քննարկելու համար Զուիցերիոյ Ժընեւ նահանգի նահանգային խորհուրդին կողմէ 14 Հոկտեմբերին քննարկուած ու որդեգրուած […]

Գամիշլիի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ Արցախի 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներու Յիշատակին

«Պիտի գան նորերը՝ աւելի ուժեղները, պիտի գան աւելի վճռական սերունդներ ու կռիւը պիտի շարունակուի»։ Բաբգէն Փափազեան Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ […]

Այսօրուան Գրաւուած եւ Հայաթափուած Շուշին Արցախը Ցեղական Զտման Ենթարկելու Թուրք-ազրպէյճանական Քաղաքականութեան Իրական Օրինակ է

2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ 200 բնակավայրեր՝ ներառեալ հայկական մշակոյթի կեդրոն Շուշին։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մարդու […]

Արդ եւս 2022 – 2023. Արեւմտահայերէնի Մշակութային Նպաստ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը մեկնարկէ արդ եւս արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած նպաստի ծրագիրին երկրորդ շրջանը: Այս առաջատար ծրագիրին միջոցով բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ […]

Ալիեւի Այսօրուան Ելոյթը Կը Վկայէ Ազրպէյճանի Ապագայ Վախերուն Մասին. Զաքարեան

Գրաւուած հայկական Շուշիի մէջ Իլհամ Ալիեւը այսօր կրկին յոխորտացած է: Օգտուելով Հայաստանի պայմանակցական (capitulatory) իշխանութիւններուն թուլակամութենէն, մորթապաշտութենէն, դաւադիր կեցուածքէն ու քաղաքական տգիտութենէն՝ Ալիեւը կը համարէ, որ իր «յաղթանակը» պէտք է […]

Ազրպէյճանի Նախագահը Հայաստանին Սպառնացած է Ռազմական Նոր Յարձակումով՝ Յայտարարելով, որ Բարձունքներէն Կը Դիտարկեն Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկն ու Սեւանայ Լիճը

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Շուշիի մէջ կրկին սպառնացած է Հայաստանին՝ յայտարարելով, որ բարձունքներէն կը դիտարկեն Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկն ու Սեւանայ լիճը։ «ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Ալիեւը յայտարարած է, թէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ՝ […]

Ալիեւը Շուշիի Մէջ Յայտարարած է, Թէ Խաղաղապահները Արցախի Մէջ Ժամանակաւոր Են

Ալիեւը Շուշիի մէջ յայտարարած է, թէ ռուս խաղաղապահներուն Ղարաբաղ գտնուիլը ժամանակաւոր է։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը՝ վկայակոչելով ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները։ Ալիեւը կրկին յոխորտացած է, թէ , իբր, Ղարաբաղը իրենցն է։ […]