Դաւիթ Իշխանեանը ԵԽ Պատգամաւորներուն Հետ Քննարկած է Արցախի Բնիկ Հայ Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման եւ Ցեղական Զտումներու Վտանգին Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան՝ եւրոպական երկիրներ աշխատանքային այցին ծիրէն ներս՝ Նոյեմբեր 28-30-ին Պրիւքսէլի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հանդիպումներ ունեցած է պատգամաւորներ, խորհրդարանին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու անդամներ Ֆրանսուա Ալֆոնսիի, Գոսդաս Մաւրիտեսի, Գլարա Բոնսադիի եւ Եուոզաս Օլէգասի հետ: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Պելճիքայի թագաւորութեան Ծերակոյտին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներ Մարք Տեմեսմայգըրի եւ Ալեսիա Գլասի, ինչպէս նաեւ պաշտօնաթող նախարար, ներկայիս Պրիւքսէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Ալտա Կրէոլիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Դաւիթ Իշխանեան բարձրացուցած է Արցախի եւ առհասարակ տարածաշրջանի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ 2020թ․ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքներուն հարցը: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը խօսած է Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու ոտնահարման եւ ցեղական զտումներու վտանգին մասին, առանձայատուկ կարեւոր համարելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անոր իրացումը: Իշխանեան անդրադարձած է նաեւ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման, մասնաւորապէս Սեպտեմբերի կէսին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ սանձազերծուած ռազմական յարձակման:

Դաւիթ Իշխանեան բարձր գնահատած է Արցախի հիմնախնդրին մասին բարձրաձայնելու պատգամաւորներուն ջանքերը՝ յատկապէս Եւրոխորհրդարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Ֆլամանտական, Վալոնական եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններուն մէջ։ Իշխանեանը կարեւոր համարած է գործնական քայլեր ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ Եւրոպական Միութեան իշխանութեան գործադիր մարմնին ուղղորդելու եւ ճնշում գործադրելու, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ հաւասարութիւն դնելու քաղաքականութեան վերջ տալուն ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւորը կարեւոր համարած է յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութիւնը ինչպէս համաեւրոպական մակարդակով, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներուն մէջ խորհրդարանական ուժերուն հետ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի այցը եզրափակուած է Պելճիքայի հայ համայնքի ներկայացուցչական մարմիններու անդամներուն հետ հանդիպումով։