Լեւոն Շանթի Դիմաքանդակի Բացման Արարողութիւնը՝ Երեւանի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 30-ին, Երեւանի Լեւոն Շանթի անուան թիւ 4 հիմնական դպրոցին մէջ կայացաւ հայ մեծանուն գրող, դրամատուրգ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիր Լեւոն Շանթի դիմաքանդակի բացման արարողութիւնը։

Բացման արարողութեան ներկայ էին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը եւ հանրային գործիչ, ՀՅԴ անդամ, խմբագիր, հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեանը։

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ԿՎ անդամ Արտաշէս Շահբազեան։

Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան դպրոցի գրադարանին նուիրեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած գիրքեր։

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակ