Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը Միաձայն Ընդունեց Հայաստանին Աջակցող եւ Ազրպէյճանի Հանդէպ Պատժամիջոցներ Առաջարկող Բանաձեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգաին ժողովը միաձայն ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի հանդէպ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

Ի թիւս այլ դրոյթներու՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի բանաձեւը.

– Կոչ կ՝ընէ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակում եւ վերադարձ հայրենիք

-Կ՝առաջարկէ կառավարութեան դիտարկելու անհատական պատժամիջոցներու կիրառման հնարաւորութիւնը՝ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ յարձակումներու եւ գրաւման շարունակման պարագային;

– Կոչ կ՝ընէ կառավարութեան շարունակելու միջնորդական ջանքերու գործադրումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդրի լուծման նպատակով՝ համաձայն ԱԺ 2020 թուականի թիւ 502 բանաձեւի դրոյթներուն (նշուած բանաձեւով կ՝առաջարկուի կառավարութեան ճանչալ Լեռնային Ղարաբաղը);

-Կ՝առաջարկէ կառավարութեան դիտարկել Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւններու ամրապնդման հնարաւորութիւնը;

– Կոչ կ՝ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր միջոցները Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։

Բանաձեւը ներկայացուած է Ազգային ժողովի մեծամասնութեան՝ իշխանական «Վերածնունդ» խմբակցութեան անունով։

Բանաձեւին ընդունման նիստին՝ պատուոյ հիւրերու կարգավիճակով՝ ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ Ֆրանսայիմէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը։