Գէորգ Հաճեանի Յիշատակին Նուիրուած «Ոսկի Սերմեր» Կրթամրցանակը Յանձնուեցաւ

Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ, այսօր, տեղի ունեցաւ «ՈՍԿԻ ՍԵՐՄԵՐ» երախտիքի եւ յարգանքի կրթամրցանակաբաշխութիւնը՝ նուիրուած Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս, լիբանանահայ երգիչ-խմբավար Գէորգ Հաճեանի յիշատակին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Panorama.am-էն։

«ՈՍԿԻ ՍԵՐՄԵՐ»-ը ԵՊԿ եւ Հաճեան ընտանիքի համագործակցութեամբ՝ իւրաքանչիւր կիսամեակ՝ Գէորգ Հաճեանի անուան կրթամրցանակով կը խրախուսէ երաժշտանոցի շնորհաշատ ուսանողները։

«Բարի, ազնիւ անձնաւորութիւն, հրաշալի երգիչ. ահա այսպիսին էր Գէորգ Հաճեանը,  որուն նուիրուածութիւնը հայրենիքին, հողին, ջուրին, ամէն մէկ թուփին իր արուեստին մէջ շատ բացայայտ կ՝երեւի»,- ձեռնարկին ընթացքին ըսաւ երաժշտանոցի վոկալ ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսըր Գայիանէ Գեղամեան։

Անոր խօսքով՝ երգիչը համերգներ ունեցած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ եւ ներկայացուցած է հայկական երաժշտական հարուստ մշակոյթին աւանդոյթները։ Գայիանէ Գեղամեան նշեց նաեւ, որ թէեւ Գէորգ Հաճեանը ունեցաւ ստեղծագործական կարճ կեանք, սակայն անիկա եղած է բարձրունքներով լի։ «Փառք ու պատիւ անոր եւ կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Գէորգի ընտանիքին՝ կնոջն ու տղային, որ այս ձեռնարկը կազմակերպած են մեր երիտասարդ ուսանողներուն համար, որոնք կ՝ուսանին վճարովի համակարգով։ Այս փոքրիկ օգնութիւնը շատ պատուաբեր է ձեզի համար, քանի անիկա կը յիշատակէ այսպիսի հզոր անհատականութեան մը մասին»,- ըսաւ փրոֆէսըրը։

Գայիանէ Գեղամեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմինէ Պետրոսեանին, որուն նախաձեռնութեամբ կ՝իրականացուի զոհուած տղաներուն նուիրուած կրթամրցանակաբաշխութիւն։

Նշենք, որ «Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամը 2021 թուականէն սկսած է «Յարգանքի եւ երախտիքի կրթամրցանակ՝ նուիրուած մեր գոյամարտի հերոսներու յիշատակին» գիտակրթական ծրագիրը: Կրթամրցանակներու նպատակն է Արցախեան գոյամարտերուն զոհուած հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնել՝ անոնց անունները շաղկապելով կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման գաղափարին։

«Հայ Ձմեռ պապ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Արմինէ Պետրոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մեծագոյն բաւականութիւն ստացած են Երաժշտանոցի տաղանդաւոր երիտասարդներուն կատարումներէն։

Անոր խօսքով՝ նայելով Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած 5 հազար եւ աւելի հերոսներու կենսագրութիւնը, կը տեսնեն, որ կորսնցուցած ենք անհաւանական տաղանդաւոր եւ հզօր սերունդ։

Գէորգ Հաճեանի կինը՝ Ֆրիտա Հաճեան, անդրադարձաւ իրենց համատեղ կեանքի անցած ճանապարհին, ուսանողական տարիներուն եւ այնուհետեւ հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատելուն։ «Մենք հասանք մեր երազանքին, բայց չէինք գիտեր, որ յետագան շատ ծանր պիտի ըլլայ մեզի համար»,- ըսաւ ան։

Լիբանանահայ օփերային երգիչ, խմբավար, «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան անդամ, ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեան ծնած է 1971 թուականին Լիբանանի Այնճար գիւղաւանին մէջ։ 2020-ի աշնան մասնակցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող Հայ-ազրպէյճանական պատերազմին։ ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի եւ նոնյն վաշտի ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինի հետ զոհուած է՝ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքի ազատագրման ժամանակ։