Աշխարհի Արտառոց Վայերէն Մէկը Կը Գտնուի Այժմեան Թուրքիոյ Մէջ, Միւսը՝ Հայաստանի

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան

Այժմեան Թուրքիոյ Էրզրում (Կարին) քաղաքին մէջ կը գտնուի ձգողականութեան ուժի հետ կապուած աշխարհի արտառոց վայրերէն մէկը։ Էրզրումի նահանգի Փալանտոքէն շրջանի Ապտուռռահման Ղազի թաղամասին մօտակայքը գտնուող զառիվեր ճանապարհն է, որ չ՝օգտագործուիր ինքնաշարժներու կողմէ, սակայն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է վարորդներուն մօտ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով bursa.com-ը։

Երբ արագութիւնը կ՝իջնէ 0-ի, եւ վարորդը արգելակէն կը հանէ ոտքը, ինքնաշարժը կը սկսի ինքնուրոյն բարձրանալ վեր թեք ճանապարհով։ Տեղի բնակիչները համոզուած են, որ ատիա պարզապէս ուժեղ մագնիսական դաշտի հետեւանք է:

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ եւս կայ նման վայր՝ Արագած լեռ տանող ճանապարհին մէկ հատուածը։ Աշխարհի տարբեր կէտերու վրայ կան նմանատիպ վայրեր, ինչպէս օրինակ՝ Անգլիոյ հակառակ հոսող ջրվէժը, ԱՄՆ-ի Հուվըրի ամբարտակն ու Սատանայի աշտարակը, Միանմարի Ոսկէ քարը եւ Արժանթինի Տաւասգոյի քարը։