Category: Հայաստան
Արամ Ա․ Յունաստանի Մէջ ՀՀ Դեսպանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Ընդգծած է Համայն Հայութեան Ջանքերուն Ուղղորդման Կարեւորութիւնը
Հովուապետական այցով Աթէնք գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Մարտ 15-ին այցելած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւն՝ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գրիգոր […]
Գրիգորի Խաչատուրուվը 2 Ամիսով Կալանաւորուեցաւ
ՀՀ Վերաքննիչ հակակաշառակերութեան դէմ դատարանը բաւարարած է բանակային 3-րդ բաժանմունքի նախկին հրամանատար Գրիգորի Խաչատուրուվի նկատմամբ կալանքը իբրեւ խափանման միջոց կիրառելու՝ դատախազութեան միջնորդութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Դատախազութենէն: Նշենք, որ ՀՀ […]
ազրպէյճանը Կը Շարունակէ Անտեսել Միջազգային Հանրութեան Բոլոր Կոչերը. ԵԽ-ի Մէջ Հայաստանի Ներկայացուցիչ
Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակման պայմաններուն մէջ ազրպէյճանը կը շարունակէ անտեսել միջազգային հանրութեան բոլոր կոչերը՝ չկատարելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԻԵԴ եւ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի […]
Արթուր Թովմասեանը Արձագանգած է ալիեւի Աշխատակազմի՝ Արցախի Իշխանութեան Ներկայացուցիչները պաքու Հրաւիրելուն
Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը մեր առանցքային նպատակներէն է, եւ շատ կարեւոր է, որ այդ մասին երէկ կայացած մամուլի ասուլիսին ժամանակ շատ յստակ ընդգծած է ՀՀ վարչապետ նիկոլ […]
Իսրայէլի Հայֆա Քաղաքին Մէջ Որոշուած է Տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը. Թուրքիան Կը Հակազդէ
Իսրայէլի Հայֆա քաղաքի իշխանութիւնները որոշած են քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղադրել Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է թրքական «OdaTV» ընդդիմադիր լրատուամիջոցը՝ վկայակոչելով իսրայէլական «Ynet» կայքին մէջ […]
Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկոյցով Դատապարտած է Հայաստանի Դէմ ազրպէյճանի Յարձակումները
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք կնքուած հրադադարը չի պահպանուիր, աւելին՝ հրադադարը քանի մը անգամ խախտուած է՝ հանգեցնելով հարիւրաւոր զոհերու եւ ազրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի արեւելքի ու հարաւ-արեւելքի երկրի ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւման: […]
ՀՀ Նկարիչներու Միութեան Տան Մէջ Բացուեցաւ «Գարնանային Սալոն»․ (լուսանկարներ)
ՀՀ Նկարիչներու միութեան տան մէջ բացուեցաւ «Գարնանային սալոն 2023» ցուցահանդէսը՝ հետաքրքրական կտաւներով ու նոր ըսելիքով։ Միութեան նախագահ Սուրէն Սաֆարեան Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ միութեան երեք յարկերուն մէջ ներկայացուած […]
Անընդունելի է Պառակտողական Օրակարգերու, Լղոզուած Ձեւակերպումներու Բարձրաձայնումը. Ռուբէն Վարդանեան
Արցախը հիմա կանգնած է չափազանց լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ, ու մենք այլ ճանապարհ չունինք, քան անոնց արժանապատուօրէն դիմակայելը: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն […]
Թշնամին Կրակած է Վերին Շորժայի Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ
Մարտ 13-ին, ժամը 19:00-19:30, ազրպէյճանի ԶՈւ-ն կրակած է Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը […]
«Վերածնունդ.- Երգահանդէս՝ Նուիրուած Մեր Հերոսներուն» Նիւ Ճըրզիի Մէջ
Նիւ Ճըրզիի մէջ, Շաբաթ, Մարտ 25-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Վերածնունդ.- Երգահանդէս՝ Նուիրուած Մեր Հերոսներուն» ձեռնարկը կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի «Ակնունի», «Արմենուհի», «Շաքէ» մասնաճիւղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, «Համազգային»-ին եւ Հ.Ե.Դ. «Արսէն» […]









