Բերձորի Միջանցքը Կեանքի Ճանապարհ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Բնակիչներուն Համար․ ԵԽԽՎ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին յայտարարութիւնը Բերձորի միջանցքին արգելափակման վերաբերեալ.

«Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի իրաւական հարցերու եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը խորապէս անհանգստացած է Բերձորի միջանցքի շարունակուող շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական ճգնաժամով։

Այդ միջանցքը կեանքի ճանապարհ է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի բնակիչներուն միջեւ, եւ Յանձնաժողովը լիովին կ՝աջակցի Հայաստանի վերահսկողի խորհրդարանական վեհաժողովի 2023 թուականի Փետրուար 24-ի համազեկուցողներուն հրապարակային յայտարարութիւնը՝ «անյապաղ գործողութիւններ»-ու եւ «Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակումը անյապաղ դադրեցնել»-ու կոչ ընելով։

Յանձնաժողովը նաեւ կոչ կ՝ընէ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն անյապաղ իրականացնելու 2023 թուականի Փետրուար 22-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի (ICJ) պատուիրակած քայլերը եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշումները, ուր կը նշուի ազրպէյճանի պարտաւորութիւնը 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեամբ՝ «երաշխաւորել Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով շարժող մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգութիւնը» (եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտ):

Բացի այդ, Յանձնաժողովը կը վկայակոչէ նոյն հարցին վերաբերեալ ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած այլ միջազգային յայտարարութիւններ, ինչպէս.

– Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի չորս համազեկուցողներու՝ ազրպէյճանի եւ Հայաստանի վերահսկողութեան համար 2022 թուականի Դեկտեմբեր 16-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ուր կ՝ըսուի, որ «Մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է շտապ վերականգնուին միջանցքով։ Կոչ կ՝ընենք 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-10-ի եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն՝ անյապաղ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկելու», եւ

– Եւրոխորհրդարանի 2023 թուականի Յունուար 19-ի բանաձեւը Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդկայնական հետեւանքներուն մասին։