Ո՛չ Շարասիւն, Ո՛չ Ալ Ողնասիւն․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Ո՛չ մէկ շարասիւն կրնայ մնալ Հայոց բանակին մէջ, եթէ Հայոց Վարչապետը շարունակէ գործել այս ընթացքով։ Երբ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ շարասիւնները ոչնչացնելու դիտաւորութիւն կայ, բնական հետեւանքը կ’ըլլայ լուսարձակի տակ բերել երեւակայական հինգերորդ շարասիւն մը։

Եթէ քիչ մը աւելի խորանանք, կը հասնինք հոն, ուր … ողնասիւն ալ  չի մնար։

Շարունակե՞նք: Նոյն ընթացքով ո՛չ սիւն կը մնայ, ո՛չ ալ՝ Սիւնիք. տեսէ՛ք թէ ո՛ւր կրնայ հասնիլ Հայաստանը՝  «Իմ Քայլը» շարժումի ղեկավարին լեզուամարզանքային եւ անճրկոտ, մարաթոնային մամլոյ ասուլիսներուն ճամբով։

Դարձեալ դժուար եղաւ հետեւիլ չորս ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող այս «տեղքայլային» մարաթոնին, որ կ՛ընդգրկէր զանազան նիւթեր, տնտեսութենէն մինչեւ բուն նիւթը՝ Արցախը։ Դժուար էր ո՛չ միայն տեւողութեան եւ անիմաստ ու անկապակից կրկնութիւններուն պատճառով, այլ որովհետեւ ղեկը կորսնցուցած ղեկավարը դարձեալ ինկած էր աղաղակող ինքնահակասումներու, կեղծիքի եւ անիմաստ ոստոստումներու՝ ի՛ր իսկ սարքած ոստայնին մէջ: Ալ ի՞նչ խօսք՝ իր մէկ բնակարանը վաճառել չկարենալու այլանդակ մուրացկանութեան մասին:

Արդեօք Էրնըսթ Հեմինկուէյի (1899 – 1961) միակ թատերգութի՞ւնն էր՝ «Հինգերորդ Շարասիւնը» (1938), որ կը խաղցուէր Երեւանի մէջ, թէ անհեթեթի թատրոնի մէկ նորագիւտ ստեղծագործութիւնը:

Մամլոյ ասուլիսի դրութիւնը «ժողովրդավարականացած» էր, այսինքն այս անգամ հարցումները «ել-նամակուած» չէին ու մէկ լրագրողի ներկայութեամբ չէր պայմանաւորուած, այլ ֆիզիքապէս ներկայ էին բազմաթիւ լրագրողներ, որոնց մէկ մասին պատկանելիութեան եւ որդեգրած ընթացքին մասին պրպտումներ կատարելը, ինքնին, կրնայ հասցնել այլ տեսակի հինգերորդ շարասիւնի մը գիւտին:

Դժուար է բացատրել, մեկնաբանել կամ պարզաբանել 19 Բաղրամեան Պողոտայի ղեկավարին արտայայտութիւնները, վերլուծումները, նիւթէ նիւթ ցատկելու, ինքզինք հակասելու անսահման «կարողութիւններ»-ը։

Կը խօսուի ծանր պարտութեան մը մասին, առանց նկատի ունենալու, թէ նուազագոյն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը պիտի ըլլար այդ պարտուած ղեկավարութեան անվերադարձ հեռացումը, երբ իր իսկ հաստատումով՝ մինչեւ օրս կը տառապի իր աշխարհաքաղաքական կառոյցով, իսկ դիւանագիտութիւնը բթացած է եւ կարծէք թէ դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Հինգերորդ Շարասիւնի մասին խօսելով, վարչապետ Փաշինեան հարցականի տակ կ՛առնէ բանակ մը, որուն տասնեակ մը զօրավարները, պատերազմի ամենէն աւելի տաք օրերուն, կանչուեցան ապահով թաքստոց մը եւ ստացան մետալներ, փոխանակ դիրքեր պաշտպանելու։ Միթէ այդ հրահանգը հինգերորդ շարասիւնէ՞ն տրուած էր, ներառեալ պաշտպանութեան նախարարութեան ամենօրեայ «Յաղթելու ենք» ու նման ապատեղեկութիւնները։ Այդ բոլորը բաւարար չէի՞ն հասկնալու՝ թէ ո՛վ էր հինգերորդ շարասիւնին հրամանատարը…

Աւելի՛ն, պարզումեկին դեռ չե՞նք նկատեր, թէ փոխան հզօր բանակի մը, կը գործէ զանազան շարասիւներով հզօր ոստիկանութիւն մը՝ Հեմինկուէյի լեզուով police state մը։

Անտեղի է շարունակելը. պէտք է նաեւ դադրինք զարմանալէ, թէ ահաւոր պարտութենէն ետք, «ազգընտի՜ր վարչապետ»-ը ինչպէ՞ս մնացած է իր պաշտօնին վրայ,  եւ մերթ ընդ մերթ կը յոխորտայ թէ «կը բարելաւէ» երկրին տնտեսական, ապահովութեան, քաղաքական եւ նոյնիսկ մշակութային պայմանները։ Իրական աշխարհին մէջ, քաղաքացին ամէն օր իր քսակին վրայ կը զգայ սղաճին, ապրուստի սղութեան եւ աղքատութեան ալիքի բարձրացման խայթոցները: Եթէ յիշենք անղեկ ղեկավարին տրամաբանութիւնը, ծոյլերն են, որոնք բազմացած են…

Արձանագրենք նաեւ ուշագրաւ կէտ մը. երբ ո՛չ վարձկան լրագրող մը վարչապետին երեսին տուաւ իր բազմահանգրուան ինքնահակասումներն ու ետդարձները, երկիրը կորուստէ կորուստ տանելու անոր վազքը, վարչապետը անիմաստ եւ անկապ բացատրութիւններու մէջ ընկղմեց ինքզինք, անպատասխան ձգելով ճակատը խարանող հարցումը:

Վարչապետ Փաշինեանի այս «մարաթոն»-ին դիմաց, կարելի չէ աչքաթող ընել Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի ելոյթը՝ գրաւեալ Շուշիի մէջ: Համաթուրանականութեան ծաւալապաշտութեան մէկ գործիքը եղող բռնապետը յստակօրէն կը սպառնայ, երբ Բերձորի շրջափակման մասին հպանցիկ յայտարարութիւն կը կատարէ եւ կը կրկնէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող «Զանգեզուրի միջանցք»-ին տիրանալու քարոզը:

Զինուորական տողանցքով մը մեկնարկած Շուշիի հանդիսութիւնն ու տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխնագահ Ալիեւներու ներկայութիւնը, համեմատած Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, արդեօք պիտի խթանէ՞ հայորդին, որպէսզի զգաստանայ եւ հասկնայ, թէ երկիրը յորձանուտի մէջ է, թէ՝ ժամանակն է համախմբուելու եւ կազմելու նոր աւիշ, նոր ղեկավարութիւն,  մանաւանդ վերականգնելու ՀԱՅՐԵՆԻՔի գլխաւոր ողնասիւնը՝ բանակի մարտունակութիւնն ու առաջին շարասիւնը։