Վերսալի Մէջ Կը Կայանայ «Հայոց Ոգին» Հոգեւոր Երաժշտութեան Համերգ՝ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելիցին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր Վերսալի պալատի արքայական մատուռին մէջ՝ հայ եւ ֆրանսացի երաժիշտներու կատարմամբ, տեղի կ՝ունենայ «Հայկական ոգին» խորագիրով հայ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցին։

Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Վերսալի պալատի արքայական մատուռին մէջ կայանալիք համերգը կազմակերպուուած է  Վերսալի պալատի օփերայի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ, որուն համար հիմք ծառայած է նախորդ տարուան Ապրիլին Վերսալի մէջ առաջին անգամ հայ երաժշտարուեստի գոհարները ներկայացուցած եւ մեծ յաջողութեան հասած բացառիկ համերգը։

Այս տարի, Վերսալի պալատի արքայական մատուռին մէջ «Հայկական ոգին» խորագիրը կրող համերգին ընթացքին ելոյթ կ՝ունենան Վերսալի պալատի արքայական օփերայի նուագախումբը՝ Ստեֆան Բլեւնիագի ղեկավարութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Խաչ» երգչախումբը՝ Շահէ Քէշիշեանի խմբավարութեամբ, ինչպէս նաեւ տաղանդաշատ հայ քանոնահար Նարեկ Կազազեանը, միջազգային հռչակ վայելող ֆրանսահայ թաւջութակահար Աստղիկ Սիրանոսեանը, Հայաստանի ազգային նուագարաններու պետական նուագախումբի մենակատար՝ տուտուկահար, շուիահար Հելպերդ Ասատրեանը։

Համերգին ընթացքին կը հնչեն հայ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարները, ինչպէս՝ Մաշտոցեան շարականները, հայկական ժամերգութեան Կոմիտասի մշակումները: