Արցախի 100-օրեայ Շրջափակման Առիթով՝ Բողոքի Ցոյց Փարիզի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 21-ին, Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութեան անդամները բողոքի ցոյց իրականացուցած են Փարիզի մէջ ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց՝ դատապարտելով ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որուն բռնապետական վարչաձեւը շրջափակման մէջ կը պահէ 120,000 հայ: Այս մասին կը հաղորդէ arfd.am-ը։

«44-օրեայ պատերազմէն գրեթէ 3 տարի անց՝ ազրպէյճանական բռնապետութիւնը կը շարունակէ հալածել արցախահայութիւնը։

ազրպէյճանը կը շարունակէ անողոք ռազմական սադրանքներով թիրախ դարձնել հայ խաղաղ բնակիչներն ու զինուորները։

Պատերազմը չ՝աւարտիր այնքան ժամանակ, քանի դեռ այս յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ եւ կը խլանան աշխարհի լռութեան մէջ:

Մեր պայքարը կը շարունակուի»,- ըսած են ցոյցի մասնակիցները:

Անոնք եռագոյն ծխագլաններ արձակած են եւ այրած ազրպէյճանի դրօշը: