Արցախի ՄԻՊ-ը Արժանթինի Մէջ Մասնակցած է Մարդու Իրաւունքներու Համաշխարհային 3-րդ Համաժողովին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը Մարտ 20-22 Արժանթինի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ մասնակցած է Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային երրորդ համաժողովին։

Համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած «Մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու ցեղասպանութեան սպառնալիքները» խորագիրով քննարկման ընթացքին՝ Գեղամ Ստեփանեանը ներկայացուցած է 2020 թուականի աշնան ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք իրականացուած ռազմական յանցագործութիւնները, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները։

Պաշտպանը մանրամասն փաստեր ներկայացուցած է Արցախի ժողովուրդին դէմ ազրպէյճանի կողմէ համակարգային եւ հետեւողական կերպով իրականացուող ցեղական ատելութեան յանցաւոր քաղաքականութեան վերաբերեալ, որուն անհերքելի վերջնանպատակը Արցախի ժողովուրդի ցեղական զտումն ու ցեղասպանութիւնն է։

Այս ծիրէն ներս՝ Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է Արցախի՝ 2022 թ․ Դեկտեմբեր 12-էն շարունակուող ամբողջական շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամին եւ մարդու իրաւունքներու լայնածաւալ խախտումներուն։ Պաշտպանը ընդգծած է, որ ի հեճուկս շրջափակման անյապաղ վերացման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերուն՝ ազրպէյճանը կը շարունակէ իր յանցաւոր վարքագիծը՝ անտեսելով անգամ ՄԱԿ-ի արդարադատութեան միջազգային դատարանին որոշումը։ Ուստի, ազրպէյճանական ամենաթողութեան ու անպատժելիութեան վերջ դնելու համար՝ միջազգային դերակատարներուն կոչերն ու յայտարարութիւնները պէտք է փոխարինուին գործնական ու պատժիչ գործողութիւններով՝ ստիպելով ազրպէյճանը յարգելու միջազգային իրաւունքն ու անոր պահպանման համար ստեղծուած կառոյցներուն հեղինակութիւնը։

«Շրջափակման եւ ազրպէյճանի կողմէ կրկնուող յանցագործութիւններուն հետեւանքով Արցախի մէջ ամբողջութեամբ խաթարուած է մարդոց բնականոն կեանքը, որ կը հանգեցնէ 120,000 մարդու, ներառեալ 30,000 երեխաներու տարրական իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներու։ Այն իրավիճակը, որուն մէջ կ՝ապրի Արցախի ժողովուրդը, ամէն օր առեւերեսուելով գոյաբանական խնդիրներու եւ սպառնալիքներու, յստակ կը փաստէ, որ սեփական հայրենիքի մէջ ազատ ապրելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքի երաշխաւորման համար անառարկելի անհրաժեշտութիւն է անոր ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչումը»,- նշած է Գեղամ Ստեփանեան:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը աշխատանքային այցով Հարաւային Ամերիկա կը գտնուի ՀՅԴ Հայ Դատի Հարաւային Ամերիկայի յանձնախումբին հրաւէրով։

ԱՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմ