Արցախը 100 Օր Շրջափակուած է, Իշխանութիւնը Յանցաւոր Լռութիւն Կը Պահպանէ. Արշակ Մեսրոպեան

Հայաստան

Մենք պիտի շարունակենք մեր գործողութիւնները։ Պէտք է ցոյց տանք, որ չենք հանդուրժեր այսօրուան իրականութիւնը կապուած Արցախի հետ, չենք հանդուրժեր լռութիւնը։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, Մարտ 22-ին, կառավարութեան դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ժամանակ ըսած է ՀՅԴ բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեանը:

«Մեր աշխատանքները համակարգուած են, այօրուան մեր աշխատանքները ուղղուած են 2-3 ուղղութիւններով, պէտք է կարենանք ներազգային իմաստով մեր պայքարի առանցքին շուրջ համախմբել մեր երիտասարդութիւնը։ Ասիկա ցոյց է, որ ունի իր նպատակը, յստակ ներկայացուեցաւ ատիկա, մեր ցոյցի հիմնական իմաստը այն է, որ 100 օրուան ընթացքին այս իշխանութիւններուն կողմէ որեւէ գործնական բան չենք տեսած եւ կարմիր ժապաւէններն ալ կը վկայեն ատիկա, որ մնացած ենք յանցաւոր լռութեան մէջ։ ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան ուսանողները ամբողջական պայքարի մէջ են։ Այս պայքարին մենք որեւէ կասեցում պիտի չի տանք, այլ այս պայքարը վերացնելով բոլոր խոչընդոտները պիտի հասնի իր նպատակակէտին»,- ըսած է ան։

Անոր խօսքով՝ նորութիւնը այն  է, որ մէկ անգամ եւս կը փաստենք, որ չենք հանդուրժեր այս իրավիճակը եւ արդէն կ՝իրականացնենք համապատասխան գործողութիւններ․

«Մեր գործողութիւններուն մեթոտաբանութիւնը կը փոխուի, կը փոխուի մարտավարութիւնը, ըստ ժամանակահատուածներու եւ ժամանակաշրջաններու։ Այս ժամանակաշրջանը կը պահանջէ աւելի կարծր քայլեր ձեռնարկել»,- ըսած է ՀՅԴ բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուն՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր երկրի պատկան մարմիններ, պաշտօնեաներ կ՝արձագանգեն իրենց կազմակերպած ցոյցերուն, կ՝արձագանգեն եւ իրենց հնարաւորութիւններու սահմանէն ներս կը փորձեն ընթացք տալ Արցախի հետ կապուած աշխատանքներուն։

«Մենք արդէն այս քայլերով հանդերձ զուգահեռ կը համախմբենք  երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններ։ Արցախի օրակարգին շուրջ պէտք է ունենանք համաձայնութիւն, որուն ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ ՀՅԴ ունի յստակ տեսլական, որ քայլ առ քայլ իրագործման փուլի մէջ է»,- ըսած է ան։